Ազրպէյճան կը փորձէ կրօնական երանգ հաղորդել Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին եւ այդպիսով ալ աւելի կը բարդացնէ իրավիճակը շրջանին մէջ: Այս մասին «Tert.am»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է Արցախի նախագահի մամլոյ բանբեր Դաւիթ Պապայեան` խօսելով Կովկասի իսլամներու վարչութեան նախագահ Շէյխ ուլ իսլամ Ալլահշուքիւր Փաշազատէի կոչին մասին, թէ իսլամները պէտք է միաւորուին արցախեան տագնապի լուծման համար:
Դաւիթ Պապայեան նշած է, որ Ազրպէյճանը իսլամական երկիրները կը փորձէ ներգրաւել ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ անոր կրօնական երանգ հաղորդելու համար, իսկ ատիկա վտանգաւոր է:
«Կրօնական երանգ հաղորդելը չ’արտացոլեր տագնապին էութիւնը: Անիկա երբեք չէ եղած կրօնական տագնապ: Ասիկա վտանգաւոր է, որովհետեւ ներկայ դրութեամբ երկիրներու մէջ ծայրահեղականութիւններ կը ծնին: Կան բազմաթիւ ահաբեկչական խմբաւորումներ, կազմաւորումներ, որոնք նոյնիսկ իրենց անուան մէջ կը կիրարկեն կրօնական բովանդակութիւնը, բայց բնական է, որ անոնք կապ չունին կրօնին հետ, իսլամի հետ»,- ըսած է Արցախի նախագահի մամլոյ բանբերը:
Պապայեանի համաձայն՝ Փաշազատէի միջոցով Ազրպէյճան կը փորձէ կրօնական երանգ հաղորդել տագնապին եւ այդպիսով ալ աւելի կը բարդացնէ իրավիճակը շրջանին մէջ, որ ահաբեկչութեան դրսեւորում է:
Ան նշած է, որ ամէն պարագայի իսլամական երկիրները, բացառութեամբ մէկ-երկու երկրի, դժուար թէ արձագանգեն անոր կոչին: «Թուրքիան, որ այս տագնապի հիմնական գործօններէն մէկն է, ան ստեղծեց այս արհեստածին Ազրպէյճան երկիրը, կ’աջակցի այս յայտարարութեան: Թուրքիան կը գօտեպնդէ Ազրպէյճանը յարձակողապաշտ քաղաքականութիւն վարելու մէջ: Կ’արձագանգէ նաեւ Փաքիստանը: Չեմ կարծեր, որ ուրիշ որեւէ երկիր արձագանգէ այս կոչին»,- ըսած է Դաւիթ Պապայեան:
Դաւիթ Պապայեան ընդգծած է, որ իսլամական քանի մը պետութիւններու հետ Հայաստան սերտ կապեր ունի. խօսքը Իրանի, արաբական աշխարհի, Կեդրոնական Ասիոյ շարք մը երկիրներու մասին է, եւ Հայաստան պէտք է շարունակէ ամրապնդել կապերը:
«Սփիւռքի ներուժն ալ պէտք է օգտագործուի այս հարցին մէջ: Յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ սփիւռքը մեծ յարգանք կը վայելէ: Մենք պէտք է զարգացնենք երկկողմանի յարաբերութիւնները, չէզոքացնենք ազրպէյճանական ներթափանցման քաղաքականութիւնը դիւանագիտական ու զինուորական դաշտերուն մէջ»,- ըսած է ան: