Երկուշաբթի, 11. 12. 2023

spot_img

Ներառական Կրթութեան Վերաբերող Սեմինար Հայկազեան Համալսարանէն Ներս

Հայկազեան Համալսարանի Մանկավարժութեան Բաժանմունքի կազմակերպութեամբ 23 Յունուար 2018-ին համալսարանի հանդիսասրահէն ներս տեղի ունեցաւ սեմինար մը նուիրուած նեռարական կրթութեան ու Լիբանանի մէջ անոր ներկայ կարգավիճակին: Սեմինարը վայելեց Լիբանանի Կրթութեան Նախարար Դոկտ. Մարուան Համատէի բարձր հովանաւորութիւնը:

Սեմինարի բացումը կատարեցին Հայկազեան Համալսարանի Արուեստի եւ Գիտութիւններու Դպրոցի Ղեկավար Դոկտ. Արտա Էքմէքճի եւ Կրթութեան Նախարարի Խորհրդատու Դոկտ. Նատէր Հուտայֆէ, որոնք հանդէս եկան իրենց խօսքերով:

Սեմինարը բաղկացած էր երկու նիստերէ: Առաջինը կ’ընդգրկէր ակադեմական ներկայացումներ՝ առնչուած ներառական կրթութեան ներկայ իրավիճակին, ինչպէս նաեւ պատմական հոլովոյթին: Նիւթեր ներկայացուցին Հայկազեան Համալսարանի Մանկավարժական Բաժանմունքի դասախօսներէն՝ Դոկտ. Ֆարահ էլ Զէյն եւ Րիթա Մըրհէժ, ինչպէս նաեւ Պէյութի Ամերիկեան Համալսարանի դասախօս Դոկտ. Լէյլա Աքուրի Տիրանի եւ Լիբանանի Կրթութեան Նախարարութեան Խորհրդատուութեան Բաժանմունքէն՝ Նահլա Հարպ:

Երկրորդ նիստին քննարկուեցան կրթական մարզէն ներս պատասխանատուներու դիմագրաւած մարտահրաւէրներն ու անոնց կարիքները՝ ապահովելու համար ներառական կրթութեան աւելի արդիւնաւէտ մօտեցումներ: Խօսքեր առին Լիբանանի Աւետարանական Դպրոցներու Համախմբումի Ընդհանուր Քարտուղար Դոկտ. Նապիլ Քոսթա, LEAPS կազմակերպութեան հիմնադիր Թասուլա Պասուս, Սայտայի Րաֆիք Հարիրի Երկրորդական Վարժարանի տնօրէնուհի Հիպա Ապու Ալֆա Ուահպի եւ Սէյնթ Մէրի Օրթոտոքս Գոլէճի Special Education Բաժանմունքի համադրող Ազզա Շուէյքի էլ Հաֆի: Զոյգ նիստերու աւարտին տեղի ունեցաւ հարց-պատասխանի յատկացուած բաժին մը:

Զոյգ նիստերը համադրեց Հայկազեան Համալսարանի Մանկավարժութեան Բաժանմունքի դասախօս Շաղիկ Խիւտավէրտեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին