Յունուար 28-ին Լոս Անճելըսի մէջ ՀՀ Գլխաւոր հիւպատոսութիւնը Իրանահայ միութեան հետ համատեղ՝ Կլենտէյլի մէջ կազմակերպած են Հայաստանի Զինուած ուժերու կազմաւորման 26-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր ձեռնարկ:
Ներկաներուն, Հայաստանի Զինուած ուժերու անցած ճանապարհն ու ձեռքբերումները ներկայացուցած են Ապրիլեան պատերազմի մասնակիցներ, Մարտական խաչի ասպետներ Մարատ Պետրոսեանը եւ Նարեկ Մալխասեանը:
Հայաստանի Զինուած ուժերու կազմաւորման 26-ամեակին առիթով՝ ՀՀ պատուիրակութեան ընդունած է Կլենտէյլի քաղաքապետ Վարդան Կարապետեանը:
Այդ մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի մամուլի քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեանը, որ հայկական պատուիրակութեան կազմին մէջ է: