Երեքշաբթի, 20. 05. 2025

spot_img

«Ես Եմ» Ծրագիրով Զօրակոչին Ընդառաջած Է 150 Երիտասարդ

Պաշտպանութեան նախարարութեան (ՊՆ) «Ես եմ» ծրագիրով բանակին ծառայելու համաձայնութիւն տուած են 150 քաղաքացիներ, որոնք արդէն կնքած են պայմանագիր եւ մեկնած են ծառայութեան վայր:

Ըստ «Razm.info»-ի տեղեկութիւններուն՝ բանակի գլխաւոր շտապի պետ զօրավար Մովսէս Յակոբեան «Հեռանկար» հաղորդաշարի եթերէն յայտնած է, որ այս պահու դրութեամբ երկու տոկոսով աճած է զօրակոչին թիւը:

Ըստ զօրավար Յակոբեանի՝ «Ես եմ» ծրագիրի գործադրումը պիտի բարձրացնէ բանակին մարտունակութիւնը:

«Բանակը կը շահի աւելի պատրաստուած զինծառայող՝ քիչ մը աւելի երկար ծառայող, մէկ տարի: Բոլորին պարզ է, որ զինուորը կը զօրակոչենք՝ զինուորական գործէն գրեթէ ոչինչ իմանալով՝ պատրաստելով զինուոր 6-ամսեայ ծրագիրէն ետք, ինքը կը կատարելագործուի եւ իբրեւ այդպիսին լաւ զինուոր կը դառնայ մէկ տարի ետք: Եւ մէկ տարի հայրենիքին ծառայելէն ետք ան կը զօրացրուի: Մենք պիտի շահինք բաւական պատրաստուած զինուոր՝ եւս մէկ տարի ծառայող, եւ ասիկա միանշանակ պիտի բարձրացնէ բանակին մարտունակութիւնը»,-  նշած է զօրավար Յակոբեան:

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին