Երկուշաբթի, 12. 05. 2025

spot_img

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Ժողովին

Անցնող երեք օրերուն ընթացքին Պէյրութի մէջ տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան ժողովը։ Խորհուրդի համաժողովին ընտրուած նորընտիր Վարչութեան առաջին ժողովն էր որ տեղի կ՚ունենար` մասնակցութեամբ բոլոր անդամներուն։ Մեր եկեղեցին յիշեալ մարմIնին կը մասնակցի երկու անդամներով՝ յանձինս Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանի եւ Դոկտ. Ժան Սալմանեանի։

Գործադիր Վարչութիւնը ընդհանուր արժեւորումը կատարեց համաժողովին եւ անկէ բխած որոշումները փորձեց ծրագրի վերածել՝ յառաջիկայ չորս տարիներուն վրայ տարածուած։ Վարչութիւնը յատուկ ուշադրութեան նիւթ դարձուց տնտեսական ու վարչական բնոյթ ունեցող հարցերը։ Ընդհանուր արժեւորումը կատարելով շրջանէն ներս տիրող կացութեան` Գործադիր Վարչութիւնը վերաշեշտեց քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան կարեւորութիւնը եւ Արեւմտեան եկեղեցիներուն հետ մնայուն կապ պահելու հրամայականը։

Նկատի ունենալով, որ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին ներկայ ընդհանուր քարտուղար Դոկտ. Միշէլ Ժալըխ, համալսարանի նախագահ ընտրուած ըլլալով, հրաժարած էր իր պաշտօնէն՝ յառաջիկայ չորս տարիներուն համար զինք փոխարինելու հրաւիրուեցաւ Համալսարանի Աստուածաբանական ճիւղի դասախօսներէն Դոկտ. Սուրայա Պէշէալանին:

Յայտնենք, որ Վեհափառ Հայրապետը յաջորդական երկու շրջաններու Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի նախագահ եղած է, իսկ ներկայիս ան Խորհուրդի Պատուոյ նախագահ է։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին