Երեքշաբթի, 20. 05. 2025

spot_img

Լիբանանի Առաջնորդ Սրբազանը Մասնակցեցաւ Գերմանիոյ Նախագահին Հետ Տեղի Ունեցած Խորհրդակցութեան

Լիբանանի Հանրապետութեան Միւֆթիի կեդրոնատեղիին՝ Տար էլ-Ֆաթուայի մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցական հանդիպում մը Գերմանիոյ նախագահ Ֆ. Շթեյնմէյերի եւ Լիբանանի քրիստոնեայ ու իսլամ համայնքապետներուն միջեւ։ Յիշեալ խորհրդակցական հանդիպումին Վեհափառ Հայրապետը ներկայացուց Լիբանանի Հայոց թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Շահէ  Եպս. Փանոսեան։

Յայտնենք, որ Գերմանիոյ նախագահը Լիբանան կը գտնուի երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ։ Նաեւ յայտնենք, որ Գերմանիոյ դեսպանը յիշեալ այցելութեան կապուած խորհրդակցութիւն մը ունեցած է Վեհափառ Հայրապետին հետ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին