Միջազգային հանրութեան կողմէ Հայաստանի հանդէպ մեծ վստահութեան դրսեւորում էր, որ լիակատար անդամակցութեան հինգ տարուան պատմութիւն ունեցող մեր երկրին հնարաւորութիւն ընձեռնուեցաւ` նախագահելու 50 տարուան պատմութիւն ունեցող կառոյցը:
Ըստ «Armenpress.am»-ի՝ տարեկան ամփոփիչ ասուլիսին ժամանակ այս մասին ըսած է ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան:
«Հայաստանը անկախութեան այս տարիներուն ընթացքին շատ հնարաւորութիւններ ունեցած է՝ նախագահելու տարբեր միջազգային կառոյցներու մէջ, եղած է նախագահող ՀԱՊԿ-ի, Եւրոխորհուրդի, ՍԾՏՀ-ի եւ այլ կառոյցներու մէջ: Սակայն մեծ տարբերութիւնը այն է, որ այդ բոլոր նախագահութիւնները եղած են կարգի յաջորդականութիւն, մինչդեռ ֆրանսախօս երկիրներու պարագային ատիկա կարգի յաջորդականութեան նախագահութիւն չէ: Բաւական սուր մրցակցային պայմաններու մէջ մենք յաջողեցանք ստանձնել այս կառոյցին ղեկավարութիւնը»,- նշած է Նալպանտեան:
Ան համոզուած է, որ ատիկա ցոյց կու տայ այն վստահութիւնն ու համերաշխութիւնը, որ միջազգային հանրութիւնը ունի Հայաստանի հանդէպ:
Զուգորդուած եւ դիտորդ 84 անդամ ունեցող կառոյցէն բացի, Հայաստան պատուիրակութիւններ պիտի ժամանեն նաեւ տարբեր ֆրանսախօս գործակալութիւններէ եւ գործընկեր կառոյցներէ, հրաւէրներ պիտի ուղարկուին շարք մը միջազգային կազմակերպութիւններու:
«Հոկտեմբերին Հայաստան պիտի այցելէ շուրջ 100 պատուիրակութիւն: Յոյսով ենք, որ շատ պատուիրակութիւններ պիտի ղեկավարուին ամենաբարձր մակարդակով»,- ըսած է ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարը:
Յիշեցնելով, որ նախարարներու համաժողովին Հայաստան արդէն ստանձնած է ֆրանսախօս երկիրներու գագաթաժողովին նախագահութիւնը` նախարարը ընդգծած է, որ Հայաստանին բացառիկ հնարաւորութիւն կը տրուի՝ ներկայացնելու երկիրը միջազգային հանրութեան, ընդլայնելու կապերու, յարաբերութիւններու աշխարհագրութիւնը, սերտացնելու, զարգացնելու, խորացնելու համագործակցութիւնը ֆրանսախօս երկիրներու ընտանիքի անդամ երկիրներուն հետ:
«Պիտի ուզէի նշել, որ մենք կը պատրաստենք ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան նոր հիմնարար փաստաթուղթ: Ատիկա «Ապրիլ Միասին» համաձայնութիւնն է: Ատիկա պիտի ըլլայ բաւական լուրջ փաստաթուղթ, զոր արդէն սկսած ենք մշակել, քննարկել անդամ երկիրներու, քարտուղարութեան հետ: Գագաթաժողովին ժամանակ պիտի ընդունուի եզրափակիչ` Երեւանեան հռչակագիր: Բացի այդ, պիտի ընդունուի եւս մօտ 10 բանաձեւ՝ տարբեր հարցերու շուրջ»,- յայտնած է Նալպանտեան:
Ան տեղեկացուցած է, որ գագաթաժողովին ծիրէն ներս Հայաստան մտադիր է իրականացնել ֆրանսախօս երկիրներու գործարար համաժողով, որ հնարաւորութիւն պիտի տայ՝ սերտացնելու, ամրապնդելու հիմնարկային կապերը ֆրանսախօս երկիրներու գործարարներու միջեւ: «Ատիկա հնարաւորութիւն պիտի տայ նաեւ Հայաստանին՝ աւելի ընդլայնելու համագործակցութիւնը, տնտեսական ոլորտի մէջ իրականացնելու տարբեր ծրագիրներ այս երկիրներուն հետ: Նպատակն է ստեղծել ֆրանսախօս երկիրներու գործարարներու ցանց: Ատիկա պիտի կայանայ մեր նախագահութեան օրօք, եւ բացառիկ հնարաւորութիւն է բոլոր ֆրանսախօս երկիրներուն, ներառեալ Հայաստանի համար»,- յայտնած է ԱԳ նախարարը: