Երեքշաբթի, 20. 05. 2025

spot_img

Արցախի Մէջ Զինուոր Մը Զոհուած է

Նախնական տուեալներու համաձայն՝ Արցախ Հանրապետութեան Պաշտպանութեան բանակի հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ զէնքի օգտագործման կանոններու խախտման հետեւանքով զոհուած է Պաշտպանութեան բանակի զինծառայող Յովսէփ Կարէնի Գրիգորեանը (1998-ի ծնունդ):

Նախնական տուեալներով` շարքային Յովսէփ Գրիգորեանը զոհուած է՝ պարտադիր ժամկէտային զինծառայողի կողմէ զէնքի հետ վարուելու կանոնները խախտելու հետեւանքով:

Դէպքին առիթով երրորդ կայազօրային քննչական բաժնին մէջ յարուցուած է քրէական գործ` ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 373-րդ յօդուածի 3-րդ մասով: Ձեռնարկուած հետաքննութեան արդիւնքով ժամկէտային զինծառայողը ձերբակալուած է:

Նախաքննութիւնը կը շարունակուի:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին