Երեքշաբթի, 20. 05. 2025

spot_img

Վրաստանի Կառավարութիւնը Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ 237 Հազար Տոլարի Հատուցում Կը Վճարէ

Վրացական կառավարութեան  27 Յունուար 2014-ին տուած որոշումով՝ կրօնական գործերու պետական յանձնաժողովին յանձնարարուած է բաշխել խորհրդային ժամանակահատուածին պատճառուած վնասի փոխհատուցման համար յատկացուած գումարները, կը հաղորդէ «News»-ը:

Նշուած նպատակով յատկացուած 4,500,000 լարիէն (1 տոլարը 2.5 լարիով կը փոխանակուի) այս փուլին, կրօնական համայնքներու միջեւ պիտի բաշխուի միայն 3,500,000 լարի:

Այս գումարէն Վրաստանի իսլամական համայնքին պիտի յատկացուի 2,200,000 լարի, Վրաստանի հայ առաքելական քրիստոնէական համայնքին՝ 600,000 լարի (237 հազար տոլար), հռոմէական կաթոլիկ համայնքին՝ 400,000 լարի եւ Վրաստանի հրէական համայնքին՝ 300,000 լարի:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին