Հայկական Shabeeg ապրանքանիշը պիտի մասնակցի Նիւ Եորքի նորաձեւութեան շաբթուան, որ նորաձեւութեան աշխարհի 4 ամենակարեւոր իրադարձութիւններէն մէկը եւ յայտնի է որպէս 7th on the Sixth: Այդ մասին «PanARMENIAN.Net»-ին յայտնած է ապրանքանիշի հիմնադիր Մերի Սուքիասեան:
Նիւ Եորքի նորաձեւութեան շաբաթը տեղի կ’ունենայ տարին 2 անգամ` Փետրուարին կը ցուցադրուին աշուն-ձմեռ հաւաքածոները, իսկ Սեպտեմբերին` գարուն-ամառ:
Մերին նշած է, որ Փետրուար 7-էն 10 հայկական ապրանքանիշը ներկայացուած պիտի ըլլայ SHOW-ROOM-ին, ի թիւս աշխարհի տարբեր երկիրներէն նոր եւ ոչ այնքան յայտնի ձեւաւորողներու հաւաքածոներու. «Մտադիր հրաւիրած ենք Նիւ Եորքի հայերուն, որպէսզի անոնց ներկայացնել Shabeeg-ը: Իսկ Փետրուար 10-ին ցուցադրութիւն պիտի ըլլայ նորաձեւութեան արդիւնաբերութեան ներկայացուցիչներու համար»:
Մերի Սուքիասեան ըսած է, որ նոր հաւաքածոն կը յատկանշուի տարազին յատուկ տարրերով եւ զարդերով, սակայն արդիականացուած է եւ կը ներկայանայ փողոցային նորաձեւութեան ոճին մէջ:
Shabeeg-ը միակ հայկական ապրանքանիշը պիտի ըլլայ, որ կը մասնակցի Նիւ Եորքի նորաձեւութեան շաբաթին: Ըստ Մերիի՝ հրաւէրը ցուցահանդէսի կազմակերպիչներէն անսպասելի եղած է եւ ստացած են ելեկտրոնային փոստով. «Ըսին, որ տեսած են մեզ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Oriflame Fashion Weekend-ի ցուցադրութեան մասին տեսանիւթին մէջ»:
Shabeeg-ը կը փորձէ ներկայացնել հայկական պատմամշակութային արժէքները բոլորին հասանելի տարբերակով` գծանկարչական հետաքրքրական եւ արդիական լուծումներով: