Հանրապետութեան Նախագահ, զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Սերժ Սարգսեան Բանակի օրուան առթիւ hայրենիքի սահմանները պաշտպանելու ժամանակ իրենց ցուցաբերած նուիրումի եւ խիզախութեան, ինչպէս նաեւ մատուցած նշանակալի ծառայութիւններու համար խումբ մը զինծառայողներու եւ ազատամարտիկներու պարգեւատրած է Հայաստանի Հանրապետութեան բարձր պարգեւներով, շքանշաններով ու մետալներով, շնորհած է նաեւ բարձրագոյն զինուորական կոչումներ:
Հանրապետութեան Նախագահը շնորհաւորած է զինծառայողներուն եւ ազատամարտիկներուն տօնի ու պետական բարձր պարգեւներու արժանանալու կապակցութեամբ: