Ուրբաթ, 16. 05. 2025

spot_img

Արցախեան Գինիի Համտեսում Սպանիոյ ՄԷջ

Արցախի զբօսաշրջային հնարաւորութիւնները ներկայացուած էին Սպանիոյ մայրաքաղաք Մատրիտի մէջ Յունուար 17-21 կայացած «Ֆիտուր» միջազգային զբօսաշրջային 38-րդ ցուցահանդէսին: ԱՀ մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան պատուիրակութիւնը Արցախի գրաւիչ ու բազմաբնոյթ զբօսաշրջային արդիւնքը ներկայացուց Հայաստանի հետ միասնական տաղաւարին մէջ:
Ինչպէս կը տեղեկանանք ԱՀ մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան ֆէյսպուքեան էջէն, ցուցահանդէսին ընթացքին մեծ թիւով այցելուներու մասնակցութեամբ կազմակերպուած է նաեւ արցախեան գինիի համտեսում, որուն ընթացքին Արցախի պատուիրակութեան կողմէ ներկայացուած են արցախեան գինեգործութեան աւանդոյթները եւ գինիի ուղիներու մասին տեղեկութիւններ:

ԱՀ մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան աջակցութեամբ ցուցահանդէսին մասնակցութիւն  ունեցած են նաեւ Արցախի Հանրապետութեան մէջ հաշուառուած զբօսաշրջային համակարգողներ եւ մասնագիտացուած կազմակերպութիւններ:

«Ֆիտուր-2018»-ը Եւրոպայի մէջ կազմակերպուող նմանատիպ ցուցահանդէսներէն խոշորագոյններու շարքին է: Այս տարի ցուցահանդէսին մասնակցած է աւելի քան 10,000 ընկերութիւն 165 երկիրներէ, իսկ այցելուներու թիւը կազմած է մօտ 140,000՝ բարձր ցուցանիշ արձանագրելով նախորդ տարիներուն համեմատ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին