Հինգշաբթի, 22. 05. 2025

spot_img

Ամերիկահայ Բարերարը 10 Մլն Տոլարի Բժշկական Սարքաւորումներ Եւ Գոյք Նուիրած Է Զինուած Ուժերու Ռազմաբժշկական Ծառայութեան

Յունուար 25-ին ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան այցելած է ՊՆ դեղորայքի եւ բժշկական գոյքի կեդրոնական պահեստ, ծանօթացած Զինուած Ուժերու ռազմաբժշկական ծառայութեան ամերիկահայ բարերար Մայք Սարիանի նուիրաբերած սարքաւորումներուն ու պարագաներուն:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ՀՀ ՊՆ տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, նուիրատուութիւնը, որ կը ներառէ շուրջ 100 անուանում բժշկական սարքաւորումներ եւ գոյք, փոխանցուած է «Լոյս» մշակութային, գիտական, կրթական հիմնադրամի միջոցով: Ամերիկահայ բարերարը զինուած ուժերու ռազմաբժշկական ծառայութեան նուիրաբերած է մեծաքանակ բժշկական սարքաւորումներ եւ գոյք, խնամքի պարագաներ, բժշկական ծախսուող նիւթեր, որոնց ընդհանուր արժէքը կը կազմէ մօտ 10 մլն տոլար:

Նուիրաբերուած բժշկական սարքաւորումներն են` շարժական X-ray, անզգայացման եւ արհեստական շնչառութեան սարքեր, ուլտրաձայնային հետազօտման սարքեր, տարրալուծարանի ախտորոշիչ սարքաւորումներ, հիւանդներու խնամքի ինքնագործ կառավարուող ներարկման համակարգեր եւ այլն: ՀՀ ՊՆ դեղորայքի եւ բժշկական գոյքի կեդրոնին մէջ պահեստաւորուած սարքաւորումները եւ գոյքը, խնամքի պարագաներ ու ծախսուող նիւթեր, ըստ կարիքներու, պիտի բաշխուին զինուորական հիւանդանոցներուն:

Կարեւոր համարելով սահմանամերձ համայնքներու առողջապահական համակարգի արդիւնաւէտ գործունէութիւնը` սարքաւորումներու որոշ մասը պիտի յատկացուի սահմանամերձ համայնքներու առողջապահական հաստատութիւններուն:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին