Յունուար 25-ին ԱՀ պաշտանութեան բանակին առընթեր կանանց խորհուրդի անդամները Հայոց բանակի կազմաւորման տօնին ընդառաջ հերթական անգամ այցելած են դիրքեր` եղած N զօրամասի մէջ:
Ըստ «Artsakhpress.am»-ի՝ այցին ընթացքին խորհուրդի անդամները զօրամասին եւ դիրքերուն մէջ հանդիպած են, զրուցած եւ ճաշած զինուորներու եւ սպաներու հետ:
Կանանց խորհուրդի անդամները զինուորներուն յանձնած են Ստեփանակերտի Խաչատուր Աբովեանի անուան N1 հիմնական դպրոցի աշակերտներուն ձեռքով պատրաստած տուփերը:
Կանանց խորհուրդի նախագահ Ռոմելա Դադայեանի խօսքով՝ իրենք մէկ տարիէն աւելի է, որ սկսած են լուրջ ու պատասխանատու աշխատանք իրականացնել` այցելելով զօրամասեր, շփուելով զինուորներու եւ սպայական կազմի հետ` մօտէն ծանօթանալով անոնց խնդիրներուն եւ յուզող հարցերուն:
«Բոլորս ալ կը գիտակցինք, որ հայրենիքը կը սկսի սահմանէն եւ անոր համար ալ ամէն ինչ կ’ընենք, որ զինուորը միշտ ըլլայ մեր ուշադրութեան առարկան. այդ գիտակցումով մենք յաճախակի կ’այցելենք սահմանամերձ զօրամասեր: Մեր առաքելութիւնը նախ` կը կրէ դաստիարակչական բնոյթ, եւ երկրորդ նման այցելութիւնները հոգեբանական մեծ ազդեցութիւն կը ձգեն զինուորներուն վրայ: Անոնք մեր մէջ կը տեսնեն իրենց մայրերը, քոյրերը, հարազատները եւ մտերիմները: Մեր հանդիպումներուն ժամանակ՝ մենք միշտ ալ տարբեր թեմաներով զրոյցներ կ’ունենանք անոնց հետ: Զինուորականերու հետ մեր զրոյցները ջերմ են ու անկեղծ: Կը կարծեմ` նմանատիպ մեր հանդիպումները շատ դրական ազդեցութիւն կը ձգեն անոնց վարքի, իրարու հետ յարաբերելու, ինչպէս նաեւ բանակ-հասարակութիւն կապի ամրապնդման գործին վրայ»,- աւելցուցած է Ռ. Դադայեանը:
Զօրամասի անձնակազմին հետ տարուող աշխատանքներու (ԱՀՏԱ) գծով տեղակալ, զօրավար Արմէն Յովհաննիսեան իր խօսքով հաստատած է, որ նման հանդիպումները յաճախակի կ’ըլլան։
«Այս հանդիպումները մեծ ազդեցութիւն կ’ունենան զինուորներու դաստիարակութեան, կարգապահութեան, հայրենասիրութեան վեհ գործին վրայ: Մեր զինուորները սիրով կը սպասեն նման այցեր: Անոնք կը գիտակցին, որ հասարակութիւնը շատ ուշադիր է իրենց հանդէպ, հպարտ է իրենցմով, եւ իրենք ալ կը ձգտին արժանի հայրենեաց պաշտպաններ ըլլալու»,- աւելցուցած է Ա. Յովհաննիսեան:
Այցին աւարտին զինուորներն ու սպայական կազմը շնորհակալութիւն յայտնած են կանանց խորհուրդի անդամներուն` կրկին հանդիպելու ակնկալիքներով: