Սահմանին իրավիճակը կայուն եւ վերահսկելի է, իսկ քաղաքական տեսանկիւնէն՝ Ազրպէյճանի կատարած գործողութիւնները տրամաբանութիւն չունին:
Այս մասին, ըստ «Tert.am»-ի, ըսած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահի խօսնակ Դաւիթ Պապայեան` անդրադառնալով Յունուար 24 լոյս 25-ին սահմանագիծին վրայ հակառակորդին ձեռնարկած հետախուզական խումբի ներթափանցման փորձին:
«Բազմիցս նշած են, որ քաղաքական տեսանկիւնէն մենք գործ ունինք ահաբեկչական երկրի հետ: 2018 թուականին կան բազմաթիւ իրադարձութիւններ` արհեստածին Ազրպէյճանի 100-րդ ամեակն է, Հէյտար Ալիեւի 85-ամեակն է, Աղդամի, Ֆիզուլիի, Ջէբրաիլի, Զանգելանի, Քելբաջարի 25-ամեակն է, Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծած պատերազմին հետեւանքով ամենամեծ տարածքային կորուստներու 25-ամեակն է: Հետեւաբար Ազրպէյճան նման անբնական պահուածքով կը փորձէ սեփական ժողովուրդին առջեւ նիշ հաւաքել եւ իր քայլերը ներկայացնել իբրեւ հայրենասիրութեան դրսեւորում»,- ըսած է Պապայեան:
Հաշուի առնելով, որ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Գասպրշիկը տարածաշրջան կը գտնուի ու մշտադիտարկում պիտի իրականացուի՝ Դաւիթ Պապայեան անդրադարձած է հակառակորդին կողմէ իրականացուած ներթափանցման փորձի տրամաբանութեան: Ան այս մասին ըսած է. «Նման ահաբեկչական քայլերը տրամաբանութիւն չունին: Կը նախատեսուի համանախագահներուն այցը տարածաշրջան, մշտադիտարկում պիտի կատարուի, Գասպրշիկը տարածաշրջան կը գտնուի եւ երէկ հանդիպած էր նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ, ԵԽԽՎ-ի մէջ կ’ընթանան տարբեր գործընթացներ, նախագահ Սերժ Սարգսեան ելոյթ ունեցած է, իսկ Ազրպէյճան նման քայլերու կը դիմէ, անոնց գործերուն մէջ տրամաբանութիւն չկայ»:
Դաւիթ Պապայեան ընդգծած է, որ նման իւրաքանչիւր փորձ պիտի կասեցուի, եւ Արցախը, թէեւ դէմ է մարդկային կորուստներուն, բայց նման քայլերու պարագային պիտի պահէ իր արժանապատուութիւնը ու պաշտպանէ իր անկախութիւնը: