Չորեքշաբթի, 21. 05. 2025

spot_img

Գիրքերու Շնորհահանդէս՝ Նուիրուած Պոլսոյ «Ժամանակ» Օրաթերթի 110-Ամեակին

26 Յունուարին ժամը 15:00-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթի հիմնադրման  110-ամեակի առթիւ Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան երեւանեան մասնաճիւղին մէջ տեղի պիտի ունենայ յոբելեանական շնորհահանդէս (Մելիք-Ադամեան 2/2):

Բացման խօսքով հանդէս պիտի գայ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս պիտի գայ նաեւ ՀԲԸՄ կեդրոնական վարչութեան Հայաստանի ներկայացուցչութեան ղեկավար Յովիկ Էօրտէկեան:

Շնորհահանդէսի ընթացքին պիտի ներկայացուին Վահան Թէքէեանի, Երուխանի, Ռուբէն Զարդարեանի «Ժամանակ-100» մատենաշարով լոյս տեսած գիրքերը:

Այնուհետեւ «4 գիրքերու գրականագիտական արժեւորում» եւ «Դարադարձէն ի վեր նոր ձեռքբերումները» թեմայական նիստերուն զեկուցումներով հանդէս պիտի գան Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան, ԵՊՀ Հայ բանասիրութեան հիմնարկի տեկան Արծրուն Աւագեան, Հանրային ձայնասփիւռի տնօրէն Մարք Գրիգորեան, հրապարակախօս Տիգրան Պասկեւիչեան, հեռուստատեսային վերլուծաբան Գեղամ Մանուկեան եւ այլք:

Միջոցառման աւարտին ելոյթ պիտի ունենայ «Ժամանակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գոչունեան:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին