Շաբաթ, 17. 05. 2025

spot_img

Անվտանգութեան Խորհուրդը Պիտի Գլխաւորէ Վարչապետը

«Անվտանգութեան խորհուրդի կազմաւորման եւ գործունէութեան մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի նոր նախագիծին համաձայն՝ Անվտանգութեան խորհուրդը պիտի գլխաւորէ վարչապետը: «Անվտանգութեան խորհուրդի կազմաւորման եւ գործունէութեան մասին» Հայաստանի օրէնքի նախագիծը  կառավարութեան 25 Յունուարի նիստի օրակարգին վրայ է:

Ըստ մշակուած նախագիծին՝ Անվտանգութեան խորհուրդը կը սահմանէ պաշտպանութեան ոլորտի քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւնները: Անվտանգութեան խորհուրդին մաս պիտի կազմեն վարչապետը (որ պիտի գլխաւորէ խորհուրդը), առաջին փոխվարչապետը, փոխվարչապետները, Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը, Պաշտպանութեան նախարարը, Արտաքին գործոց նախարարը, Ազգային Անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնը, Ոստիկանութեան պետը եւ Զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետը:

Անվտանգութեան խորհուրդը պաշտպանութեան ոլորտի քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւններուն վերաբերող հարցերու պարագային, իրաւասու է որոշումներ ընդունելու, իսկ իր իրաւասութեան մէջ մտնող այլ հարցերու պարագային խորհրդատուական բնոյթի որոշումներ կրնայ առնել:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին