Հինգշաբթի, 12. 09. 2024

spot_img

Հաստատուած է Ղարաբաղեան Շարժման 30-ամեակի Տարբերանշանը

Յունուար 24-ին Արցախի խորհրդարանին մէջ Աշոտ Ղուլեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցած է արցախահայութեան ազգային-ազատագրական պայքարի` Ղարաբաղեան շարժման 30-րդ տարեդարձի տօնակատարութեան կազմակերպման եւ համակարգման պետական յանձնաժողովի հերթական նիստը, որուն ընթացքին ներկայացուած է 30-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծրագիրին հիմնական ուղղութիւնները եւ ամփոփուած են տարբերանշանի (լոկօ) մրցոյթին արդիւնքները:

Բանալով նիստը` Աշոտ Ղուլեան նշած է, որ արդէն իսկ տրուած է ձեռնարկներու նախապատրաստական աշխատանքներուն սկիզբը, որոնք չեն սահմանափակուիր միայն Փետրուար ամիսով, այլ կ’ընդգրկեն ամբողջ 2018 թուականը եւ կ’ունենան համաժողովրդական բնոյթ` սփռուելով Արցախի ողջ տարածքով:

Պետական յանձնաժողովը կ’առաջարկէ ձեռնարկներու իրականացման թիրախաւորուած եւ նպատակային ծրագիր, որուն իրականացման համար պիտի ներգրաւեն հանրային, քաղաքական ու գիտական շրջանակները, պաշտպանութեան բանակը, արտաքին աշխարհն ու հայկական Սփիւռքը:

Այնուհետեւ յանձնաժողովի անդամները քննարկած եւ ամփոփած են Ղարաբաղեան շարժման 30-ամեակի ձեռնարկներու տարբերանշանի մրցոյթին արդիւնքները: Մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարի ներկայացմամբ` 2017 Դեկտեմբեր 10-31 յայտարարուած մրցոյթին ընթացքին 26 մասնակիցի կողմէ յանձնաժողովին ուղարկուած է 77 տարբերանշանի էսքիզ: Քննարկման ընթացքին յաղթող ճանչցուած է Նինա Շահուերդեանի ներկայացուցած տարբերանշանը եւ Արմէն Ղուկասեանի նախագիծը` պաստառներու համար:

Ձեռնարկներու ծրագիրով կը նախատեսուի նաեւ յոբելինական յուշամետալի, թեմային վերաբերեալ գիրքերու եւ պրոշիւրներու, լուսանկարչական ալպոմի, նամականիշի թողարկում, փաստագրական ֆիլմերու, տեսահոլովակներու պատրաստում, հանրապետութեան ամբողջ տարածքին ցուցահանդէսներու, տարբեր մրցոյթներու, մարզական ու մշակութային ձեռնարկներու կազմակերպում:

Յոբելինական ձեռնարկները պիտի սկսին Փետրուար 10-15-ին` պահպանելով երեսուն տարի առաջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն ժամանակացոյցը: Հանդիսաւոր ձեռնարկները պիտի կազմակերպուին Փետրուար 20-ին:

Նիստին ընթացքին՝ յանձնաժողովի անդամներ արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանը, կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Նարինէ Աղաբալեանը, մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Սերկէյ Շահուերդեանը ներկայացուցած են համալիր ձեռնարկներու ծիրէն ներս նախատեսուած ոլորտային ծրագիրները:

Ամփոփելով նիստը՝ յանձնաժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան նշած է, որ յառաջիկայ օրերուն պիտի շարունակուին աշխատանքները յոբելինական ձեռնարկներու բեմագրերուն շուրջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին