Կաշառակերութեան դէմ պայքարը պէտք է գերակայութիւն հանդիսանայ հասարակական եւ քաղաքական բոլոր շերտերուն մէջ: Այդ ուղղութեամբ Հայաստանը նախատեսած է նոր գործիք: Ըստ «Armenpress.am»-ի՝ ԵԽԽՎ ամպիոնէն նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած է ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան:
«Մենք ընդունած ենք քանի մը օրէնք, որոնցմով երկրին մէջ կը ստեղծուի կաշառակերութեան կանխարգիլման մարմին: Անիկա պիտի սկսի գործել այս տարի, իսկ այդ մարմինի անդամները պիտի ընտրուին խորհրդարանին կողմէ»,- ընդգծած է ՀՀ նախագահը:
Սերժ Սարգսեան նաեւ նշած է, որ Հայաստանի խորհրդարանը ընդունած է ազդարարման համակարգի եւ ազդարարներու պաշտպանութեան մասին օրէնքը, երկրին մէջ քրէականացուած է ապօրինի հարստացումը: ՀՀ նախագահը վստահեցուցած է, որ Հայաստան հետեւողականօրէն պիտի աշխատի կաշառակերութեան ախտը արմատախիլ ընելու ուղղութեամբ: