ԵԽԽՎ յունուարեան նստաշրջանին մասնակցելու նպատակով Սթրազպուրկ գտնուող ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան Յունուար 24-ին հանդիպումներ ունեցած է նաեւ ԵԽ Վենետիկի յանձնաժողովի (Ժողովրդավարութիւն` օրէնքի միջոցով յանձնաժողով) նախագահ Ճաննի Պուքիքիոյի եւ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի նախագահ Կիտօ Ռայմոնտիի հետ:
ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ այդպիսով աւարտած է նախագահ Սերժ Սարգսեանի այցը Ֆրանսայի Հանրապետութիւն: