Յունուար 23-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց ՀՀ-ի մէջ Լիբանանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մայա Տաղերը: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան մամուլի վարչութիւնը։
Ողջունելով նորանշանակ դեսպանը` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան համոզում յայտնեց, որ ներկայիս բարձր մակարդակի վրայ գտնուող հայ-լիբանանեան յարաբերութիւնները անոր պաշտօնավարման ընթացքին աւելի պիտի զարգանան: Նախարարը կարեւոր համարեց երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական, մշակութային կապերու աշխուժացումը: Երկուստեք կարեւոր համարուեցաւ մեծ սփիւռք ունեցող երկիրներու փորձի փոխանակումը: Քննարկուեցան Սփիւռքի մէջ ազգային ինքնութեան արթնացման, ներուժի յայտնաբերման ուղղուած ձեռնարկները եւ ծրագիրները: Նախարարը ներկայացուց գերատեսչութեան պետական քաղաքականութիւնը, գերակայ խնդիրներն ու ընելիքները:
Լիբանանի դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար եւ նշեց, որ առաջին անգամն է Հայաստան կը գտնուի եւ շատ տպաւորուած է: «Լիբանանի մէջ հայկական մեծ, կազմակերպուած համայնք կայ, որուն ներկայութիւնը շատ կարեւոր է երկրի կայունութեան պահպանման համար: Հայերը շատ մեծ ներդրում ունին երկրի քաղաքական, տնտեսական, մշակոյթի եւ կրթութեան բնագաւառներուն մէջ»,– աւելցուց դեսպան Մայա Տաղեր:
ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նշեց, որ 2018-ն Հայաստանի համար շատ կարեւոր յոբելինական տարի է. Պիտի նշուին Երեւանի 2800, Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակման եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակները, ձեռնարկներ, ցուցահանդէսներ պիտի կազմակերպուին նաեւ Լիբանանի մէջ, պիտի ցուցադրուին Լիբանանի հայ համայնքին կողմէ տպագրուած 150-է աւելի գիրքեր:
Անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստան-Լիբանան բարեկամութեան օրերու իրականացման: «Բարեկամութիւնը աւելի կ’ամրապնդուի, երբ բարեկամները մօտէն կը ծանօթանան, ճանաչելի կը դառնան»,- շեշտեց նախարարը եւ շեշտելով ՄԱԿ-ի կողմէ Սփիւռք եզրոյթին վերաբերեալ համաձայնագիրի ընդունման անհրաժեշտութիւնը` ընդգծեց. «Երկիր մոլորակի իւրաքանչիւր 35-րդ բնակիչը գաղթական է, կը կարծեմ` պէտք է սահմանել անոնց իրաւունքները եւ պարտականութիւնները: Ատիկա կարեւոր համամարդկային խնդիր է»: