Շաբաթ, 07. 09. 2024

spot_img

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանը Իր Աջակցութիւնը Յայտնած Է Աֆրինի Գործողութեան, Հայ Համայնքը Կը Դատապարտէ Կատարուած Յայտարարութիւնը

Պոլսոյ հայոց պատրիարքութիւնը յայտարարութիւն տարածած է սուրիական Աֆրին շրջանին մէջ թրքական բանակին կողմէ իրականացուող «Ձիթենիի ճիւղ» ռազմական գործողութեան առնչութեամբ, այս մասին կը տեղեկանանք պատրիարքարանի ֆէյսպուքեան էջէն:

Յայտարարութեան մէջ պատրիարքութիւնը իր աջակցութիւնը կը յայտնէ սկսած գործողութեան ու կը նշէ, որ կ’աղօթեն «խաղաղութեան եւ հանգստութեան համար, որուն կարիքը այդքան ունի մարդկութիւնը»:

Պատրիարքարանի տարածած յայտարարութեան արձագանգած է պոլսահայութիւնը եւ խիստ քննադատած: Պոլսահայերու մեծ մասը համոզուած է, որ պատրիարքարանը ստիպուած չէր նման յայտարարութիւն տարածելու եւ կրնար լռել` այս հարցի առնչութեամբ մնալով անկողմնակալ:

Ըստ «Թերթ․am»-ի՝ պոլսահայ լրագրող Արիս Նալճը ընկերային մէկ ցանցի իր էջին մէջ, մեկնաբանելով պատրիարքութեան տարածած նամակը, գրած է. «Պատրիարքարանի հոգեւորականները Աստուածաշունչը հակառակ կողմէ՞ն կը կարդան, թէ աչքերով չեն կարդար ընդհանրապէս»:

Յիշեցնենք, որ Յունուար 20-ին թրքական բանակը սկսած է Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող քրտական ազգային զինուած ջոկատներու (PYD/YPG) դէմ ռազմական գործողութեան, որ ստացած է «Ձիթենիի ճիւղ» անուանումը: Օդային առաջին յարձակումներէն ետք Յունուար 21-ին թրքական զինուած ուժերու զինուորականները անցած են լայնածաւալ  յարձակումի նաեւ ցամաքով: Յայտնի է, որ թրքական զինուած ուժերուն կ’աջակցի «Սուրիական ազատ բանակ» ընդդիմադիր խմբաւորումը՝ ինչպէս 2016-ին ձեռնարկուած «Եփրատի վահան» գործողութեան ժամանակ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին