Ուրբաթ, 16. 05. 2025

spot_img

Պետութիւնը Հնարաւոր Ամէն Ինչ Պիտի Ընէ Զինուած Ուժերու Մարտունակութիւնը Բարձր Պահելու Ուղղութեամբ. Բ. Սահակեան

Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան Յունուար 23-ին Ստեփանակերտի մէջ մասնակցած է Պաշտպանութեան բանակի ռազմական խորհուրդի նիստին` նուիրուած 2017-ի արդիւնքներու ամփոփման եւ 2018-ի ընելիքներուն: Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն:

Իր ելոյթին ընթացքին՝ երկրի ղեկավարը անդրադարձած է 2017-ին բանակաշինութեան ոլորտին մէջ իրականացուած մեծածաւալ աշխատանքներուն, յանձնարարականներ տուած 2018-ին նախատեսուած ծրագիրներու պատշաճ իրականացման ուղղութեամբ:

Նախագահ Սահակեան 2017-ին ոլորտին մէջ իրականացուած աշխատանքները, ընդհանուր առմամբ, գնահատած է բաւարար` նշելով, որ անոնց արդիւնքները տեսանելի են:

Բակօ Սահակեան ընդգծած է, որ ներկայացուած առաջադրանքները կարեւոր են եւ կը պահանջեն ամէնօրեայ համակարգուած, քրտնաջան աշխատանք հրամանատարական կազմի բոլոր օղակներուն կողմէ:

«Համոզուած եմ, որ մեր բանակը, ինչպէս միշտ, ի վիճակի է արդիւնաւէտօրէն լուծելու իր առջեւ դրուած խնդիրները: Պետութիւնը, իր հերթին, պիտի շարունակէ ուշադրութեան կեդրոնին պահել բանակաշինութեան ոլորտը, պիտի ընէ հնարաւոր ամէն ինչ զինուած ուժերու մարտունակութիւնը բարձր պահելու, զինծառայողներու հասարակական հարցերը լուծելու ուղղութեամբ»,- նշած է երկրի ղեկավարը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին