Չորեքշաբթի, 21. 05. 2025

spot_img

Հայաստանի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ Սպառազինութեան Միջազգային Ցուցահանդէս

«Երեւանէքսպօ» ցուցահանդէսային համալիրի մէջ Մարտ 2018-ին տեղի պիտի ունենայ սպառազինութեան եւ պաշտպանական արհեստագիտութեանց «ArmHiTec-2018» միջազգային ցուցահանդէսը:

Երկուշաբթի, 22 Յունուարին պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ-ռազմարդիւնաբերութեան պետական կոմիտէի նախագահ Դաւիթ Փախչանեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան «ArmHiTec-2018» ցուցահանդէսի կազմակերպման հետ կապուած հարցեր:

Միջազգային ցուցահանդէսին նպատակն է ներկայացնել Հայաստանի եւ այլ երկիրներու նորագոյն ռազմական սարքեր, ռազմարդիւնաբերական համալիրի առաջատար ձեռնարկութիւններու նորարարական մշակումները:

Ցուցահանդէսը պիտի կազմակերպեն ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը եւ «Երեւանի մաթեմատիկական մեքենաներու գործարան» ընկերութիւնը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին