*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից
Տնտեսական աճի նախանձելի ցուցանիշներու մասին խօսելու պարագային նաեւ ամենակնճռոտ հարցերուն պատասխանելու պատրաստակամութեամբ պետական նախարար Արայիկ Յարութիւնեան հանդիպում ունեցած է լրագրողներու հետ: Մեկնարկած տարին նախորդ տարուան ձեռքբերումներու շարունակութիւնը պէտք է ապահովէ: Իսկոյն նշենք, որ 2018-ն լուրջ նորութիւններ կը խոստանայ տնտեսական ոլորտին մէջ: Բաւական է ըսել, որ Արցախի պատմութեան մէջ ամենամեծ ներդրումային ծրագիրը պիտի մեկնարկէ:
Նոր պաշտօնին մէջ Արայիկ Յարութիւնեան նոյնպէս իր սովորութեան հաւատարիմ է: Լրագրողներու հետ հանդիպումը սկսաւ առանց ներածական զեկոյցի, այլ իսկոյն հարց ու պատասխանով: Տնտեսական ոլորտի 15 տոկոս աճի պարագային 2018-ին Արցախի մէջ աշխատավարձի, թոշակ-նպաստի բարձրացում չի նախատեսուիր: Այդ հարցին շուրջ Երեւանն ու Ստեփանակերտը պայմանաւորուած քաղաքականութիւն կը վարեն: Պետական նախարարի խօսքով, խնդիրը թոշակը նուազագոյն սպառողական զամբիւղին հասցնելն է: «Այդ նշաձողը տակաւին կարելի չեղաւ յաղթահարել»,- կը խոստովանի Արցախի պետական նախարար Արայիկ Յարութիւնեան ու կ’աւելցնէ. «Մեր երկրին մէջ թոշակը պարէնայինէն բարձր է, բայց սպառողականէն՝ ցած»:
Առաջին անգամ 100 միլիառ դրամի շեմը յաղթահարած Արցախի պետական պիւտճէի զգալի մասը դարձեալ ընկերային ոլորտին պիտի յատկացուի: Պետութիւնը կը շարունակէ բնակչութեան կողմէ սպառուող ելեկտրական ուժանիւթի գինի մէկ մասին նպաստել: Արայիկ Յարութիւնեանի խօսքով, կարեւոր խնդիր դրուած է՝ պետական աջակցութիւնը հասցէական դարձնել: Արդար չի համարեր, որ պետութիւնը նիւթական օժանդակութիւն ցուցաբերէ նաեւ շքեղ առանձնատուներու կամ լողաւազաններու ջեռուցման համար սպառուող ելեկտրական ուժանիւթի դիմաց: Կը հաշուարկուի ու կը սահմանուի միջին շեմ: «Բացառապէս միայն այդ պարագային կը սատարենք, որպէսզի պետութիւնը շռայլութեան համար չվճարէ»,- կը խոստանայ պետական նախարար Արայիկ Յարութիւնեան:
Ընկերային ոլորտի համար նախատեսուած նոր ծրագիրներէն պետական նախարարը վերաբնակեցման ուղղուած բնակարանի շինութիւնը կը համարէ, որուն համար այս տարի 400 միլիոն դրամ պիտի յատկացուի:
Տնտեսութեան զարգացման հիմնական ճիւղերը անփոփոխ պիտի մնան: Հանքի արդիւնաբերութիւնը 2018-ին աճ կ’ունենայ: Աճի աւելի բարձր թափ կ’ակնկալուի ուժանիւթի ոլորտէն ներս: Իւանիանի մէջ առաջին արեւային կայանը պիտի կառուցուի՝ 1 մ/ուաթ հզօրութեամբ: Արցախի պատմութեան մէջ շուրջ 100 միլիոն տոլարնոց ամենամեծ ծրագիրը կը մեկնարուի՝ ուղղուած Սարսանգ-Մատաղիս հատուածի հայտրօուժանիւթի հնարաւորութիւններու օգտագործման: «3-4 տարուան ծրագիր պիտի ըլլայ այս մէկը: Պիտի կառուցուին մեծ ջրամբարներով, որ միեւնոյն ատեն զբօսաշրջութիւնը եւ ձկնաբուծութիւնը զարգացնելու լայն հնարաւորութիւններ պիտի ստեղծէ»,- մանրամասնութիւնները ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուցած է պետական նախարար Արայիկ Յարութիւնեան:
Գիւղատնտեսութեան մէջ նոր նշաձող սահմանուած է, որուն համաձայն՝ Արցախի մէջ անմշակ հող պէտք չէ մնայ: Այդ ծրագրին ոչ միայն արցախցիները կը մասնակցին, այլեւ սփիւռքահայերը: Արայիկ Յարութիւնեան, փակագիծերը մասամբ աւելի լայն բանալով, կը յայտնէ. «Սուրիահայեր ունինք, որոնք Արցախի մէջ հազարաւոր հեքթար հող կը մշակեն»:
Որոշ ծրագիրներու արդիւնքներ կը գնահատուին տարիներ անց միայն: Արայիկ Յարութիւնեան, սակայն, կը խոստանայ, որ 2018-ն եւս նորութիւններով հարուստ տարի պիտի ըլլայ:
Ամերիկացի Խորհրդարանականները Կը Պաշտպանեն Արցախ Այցելելու Իրենց Իրաւունքը
Յունուարի կէսերուն միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններէն՝ «Ֆրիտոմ Հաուս»-ը հրապարակեց «Ազատութիւնն աշխարհի մէջ» խորագրով հերթական զեկոյցը: Հայաստանն ու Արցախը, ըստ այդ զեկոյցին, ներառուած են մասնակի ազատ երկիրներու շարքին, իսկ Ազրպէյճանը՝ անազատ: Միաժամանակ Ացախին տրուած միաւորները մօտ երեք անգամով կը գերազանցեն Ազրպէյճանի տրուած միաւորներուն: Եւ այդ ընդգծուած տարբերութիւնը աննկատ չի մնար: Հաւանաբար զուգադիպութիւն էր, բայց նոյն այդ օրերուն ԱՄՆ խորհրդարանի ներկայացուցիչներու պալատի անդամ, խորհրդարանի Հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահ Ֆրենք Փալոն ներկայացուցած է ԱՄՆ-ի ու Արցախի միջեւ ազատ այցելութեան եւ հաղորդակցութեան մասին օրինագիծը: Օրինագիծի հեղինակները կ’առաջարկեն՝ թոյլ տալ ԱՄՆ կառավարութեան տարբեր մակարդակի պաշտօնեաներու այցելել Արցախ ու բաց եւ անմիջական շփման մէջ մտնել իրենց արցախցի գործընկերներուն հետ, խրախուսել ԱՄՆ-ի ու Արցախի գործադիր եւ օրէնսդիր ճիւղերը ներկայացնող պաշտօնեաներու, քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու բաց հաղորդակցութիւնը, հանդիպումներն ու ուղիղ շփումները, հետամուտ ըլլալ ԵԱՀԿ-ի՝ Արցախի Հանրապետութեան ապագային առնչուող բանակցային գործընթացներուն Արցախի լիարժէք ու անմիջական մասնակցութիւնը ապահովելուն: Ֆրենք Փալոն կոչ ուղղած է իր գործընկերներուն կոտրել արհեստական պատնէշները, որոնք կը խոչընդոտեն Միացեալ Նահանգներու եւ Արցախի միջեւ ազատ այցելութիւններ կատարելու ու հաղորդակցային կապ հաստատելու հեռանկարը: Եւ վստահեցուցած է, որ 2017-ի Սեպտեմբերին, այցելելով Արցախ, ինքը անձամբ տեսած է Արցախի նկատառելի յառաջընթացը:
Այդ նախաձեռնութիւնը ողջունած է Արցախի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Մեկնաբանութեամբ հանդէս եկած է Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի քարտուղար Անի Սարգսեան: «Համոզուած ենք, որ երկու պետութիւններու պաշտօնական ներկայացուցիչներու փոխադարձ այցելութիւնները, մեր երկիրներուն միջեւ ուղղակի եւ բաց երկխօսութեան հաստատումը կը նպաստեն տարածաշրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող խնդիրներու լուծման։ Միջազգային համագործակցութիւնը, հիմնուած ներգրաւման, այլ ոչ բացառման սկզբունքի վրայ, նոյնպէս տարածաշրջանին մէջ լարուածութեան թուլացման կարեւոր գործօններէն մէկն է։ Կ’ակնկալենք, որ խորհրդական Փալոնի նախաձեռնութիւնը լայն աջակցութիւն կը գտնէ ԱՄՆ խորհրդանանին մէջ եւ նոր ազդակ կը հաղորդէ Արցախի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման»,- ըսուած է Անի Սարգսեանի մեկնաբանութեան մէջ:
Ամերիկեան օրէնսդիրներու նախաձեռնութեան անդրադարձած է նաեւ Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան պետ Դաւիթ Պապայեան: «Մենք կը տեսնենք, որ օրէ-օր կը մեծնայ այն քաղաքական գործիչներու ցանկը, որոնք բացէ ի բաց կը յայտարարեն, որ անհրաժեշտ է վերանայիլ Արցախի նկատմամբ իրենց երկիրներու քաղաքականութեան եւ կապեր հաստատել Ստեփանակերտի հետ: Այս տեսանկիւնէն, ի հարկէ, Ֆրենք Փալոնի յայտարարութիւնը շատ կարեւոր է, որովհետեւ փաստօրէն առաջին անգամ կը խօսի քաղաքական յարաբերութիւններու մասին,- ընդգծած է Դաւիթ Պապայեան:- Մինչ այդ, ի հարկէ, մենք զարգացում տեսանք. սկիզբը կը խօսէին Արցախը ուղղակի ճանչնալու մասին, յետոյ սկսան խօսել մարդասիրական ոլորտէն ներս կապեր հաստատելու մասին՝ հաշուի առնելով պատերազմի գօտի ըլլալու փաստը: Ապա մշակութային, նաեւ տնտեսական ծրագիրներու մասին խօսք եղաւ: Հիմա արդէն խօսքը քաղաքական ոլորտի՝ ամենաբարձր մակարդակով կապեր հաստատելու մասին է»: Դաւիթ Պապայեան չի բացառեր, որ ի պատասխան նման զարգացումներու՝ Պաքուն նոր սադրանքներու փորձեր կատարէ, բայց եւ անխուսափելի կը համարէ Արցախի նկատմամբ միջազգային գետնի վրայ վերաբերմունքի փոխակերպութիւնը, որուն դրսեւորումները արդէն իսկ կ’ուրուագծուին:
Ստեփանակերտ