Ստեփանակերտի Շառլ Ազնաւուրի անուան մշակոյթի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է Մեսրոպ Մաշտոց համալսարանի «Արթ սթուտիա»-ի թատերախումբի «Մոխրիկը» մանկական ներկայացման առաջնախաղը:
Ըստ «Artsakhpress.am»-ի՝ խումբի ղեկավար Ժաննա Գրիգորովան, խօսելով ներկայացման ընտրութեան մասին, նշած է, որ «Մոխրիկը» աւելի ծանօթ է երեխաներուն, ատոր համար ալ ընտրած են այդ հեքիաթը:
«Հեքիաթը ներկայացուցած ենք այլ տարբերակով, քանի որ այնտեղ կը պատմուի սիրոյ մասին, իսկ մանուկներուն առայժմ անհասկնալի է այդ զգացումը: Մենք ատոր համար ալ սենարին մէջ փոփոխութիւն մտցուցած ենք, որպէսզի փոքրիկներուն աւելի հասու ըլլայ»,- ըսած է Ժ. Գրիգորովան:
Խօսելով թատերախումբին մասին` ան նշած է. թատերախումբը ստեղծուած է 2013 թուականի Փետրուարին եւ ունի տասը մասնակից։ Իսկ 2017 թուականի Սեպտեմբերէն ստեղծուած է թատրոնի մանկական խումբը. այստեղ ընդգրկուած է 15 անդամ»:
Ժ. Գրիգորովան աւելցուցած է նաեւ, որ ԱՀ մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը իրենց համար ստեղծած է պայմաններ, ուր իրենք կ’իրականացնեն իրենց փորձերը:
Ներկայացումէն ետք ԱՀ մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Սերկէյ Շահուերդեան ըսած է, որ նախարարութիւնը կ’ընէ ամէն ինչ` Արցախի մէջ խթանելու եւ զարգացնելու համար թատերական արուեստը:
«Փոքրիկները պէտք է մանկութենէն հաղորդակցուին բարձրարժէք արուեստի ձեւերուն, որպեզի անոնց մէջ սէր առաջանայ դէպի մշակոյթը»,- նշած է Ս. Շահուերդեան: