Նախագահ Սերժ Սարգսեանին երէկ իր հաւատարմագիրերը յանձնած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Լիբանանի նորանշանակ դեսպան Մայա Տաղէր:
Իր շնորհաւորանքները յայտնելով դեսպանին նշանակման կապակցութեամբ՝ Հանրապետութեան նախագահը վստահեցուցած է, որ ան առաւելագոյն ջանք կը ներդնէ երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման եւ ամրապնդման գործին մէջ: Նախագահ Սարգսեան ուրախութեամբ արձանագրած է, որ Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ յարաբերութիւնները, հիմնուած ըլլալով երկու ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան վրայ, տարուէ-տարի կը խորանան եւ կ’ամրապնդուին: Նախագահի համոզմամբ՝ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն ետք անցած 25 տարիներու ընթացքին երկու երկիրներուն յաջողուած է կառուցել այնպիսի յարաբերութիւններ, որոնց բնորոշ են բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութիւնը, փոխվստահութիւնը, ինչպէս նաեւ սերտ համագործակցութիւնը փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բոլոր ոլորտներուն մէջ:
Սերժ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է բարեկամ Լիբանանի իշխանութիւններուն եւ ժողովուրդին՝ լիբանանահայերու նկատմամբ տասնամեակներ շարունակ ցուցաբերուող ջերմ վերաբերմունքին համար, ինչը իրենց մեծ հնարաւորութիւն տուած է ոչ միայն պահպանելու իրենց ինքնութիւնը, այլ նաեւ զարգանալու եւ աշխուժօրէն մասնակցելու երկրի ընկերային-տնտեսական կեանքին:
Դեսպան Մայա Տաղէր շնորհակալութիւն յայտնած է Հանրապետութեան նախագահին ընդունելութեան եւ շնորհաւորանքին համար՝ համակարծիք ըլլալով նախագահին հետ, որ չնայած երկկողմ միջպետական յարաբերութիւնները ընդամէնը 25 տարուան պատմութիւն ունին, սակայն անոնք շատ ամուր են՝ հիմք ունենալով երկու ժողովուրդներու բարեկամութիւնը:
Դեսպան Տաղէր դրուատանքով խօսած է Լիբանանի հայ համայնքի մասին, որ աշխոյժ մասնակցութիւն ունի երկրի զարգացման գործին մէջ:
Զրուցակիցները գոհունակութեամբ արձանագրած են, որ Հայաստան եւ Լիբանան արդիւնաւէտօրէն կը համագործակցին նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու շրջանակներուն մէջ: Հանրապետութեան նախագահը եւ Լիբանանի դեսպանը երկուստեք կարեւորած են Հայաստանի տնտեսութեան նկատմամբ լիբանանցի գործարարներու աճող հետաքրքրութիւնը՝ ընդգծելով ներդրումներու խրախուսման ու գործարարներու միջեւ շփումներու ամխուժացման անհրաժեշտութիւնը:
Հանդիպման անդրադարձ եղած է նաեւ միջազգային ներկայ խնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն: