Երեքշաբթի, 10. 09. 2024

spot_img

Գիրք Նուիրելու Մշակոյթը Կը Վերադառնայ

Գիրքը որպէս նուէր ընտրելու մշակոյթը կը զարգանայ Հայաստանի մէջ: Ասոր մասին կը վկայէ տօնական օրերուն վաճառուած գիրքերու քանակը: Ըստ «Panorama.am»-ի՝ Երեւանի գրախանութներու աշխատակիցները ընդգծեցին` անքննելի է, որ գիրքի նկատմամբ հետաքրքութիւնը կը մեծնայ:

«Նախատօնական օրերուն, գիրքի վաճառքի աշխուժութիւնը ակնյայտ էր: Որպէս նուէր՝ աւելի շատ գնած են մանկական գիրքեր»,-  նշած է «Բուկինիստ» գրախանութի Հասարակութեան հետ կապերու տնօրէն Անի Ղազարեան:

Ան նշած է, որ ընդհանրապէս աւելցած է հայերէն լեզուով գիրքերու վաճառքը, որ կը վերաբերի թէ՛ թարգմանութիւններուն, թէ՛ հայ հեղինակներուն:

«Հինգ տարի առաջ աւելի շատ կը գնէին ռուսերէն լեզուով գիրքեր»,- ըսած է ան:

Գրախանութի աշխատակիցը տեղեկացուցած է, որ տօնական օրերուն նան ֆիքշն` ոչ գեղարուեստական գիրքերէն ամենավաճառուածներն են` «Dorling Kindersley» հրատարակչութեան «Գիտելիքներու հանրագիտարան» գիրքի հայերէն թարգմանութիւնը, Սամուէլ Գէորգեանի «Քո սեփական պիզնեսը Հայաստանում» եւ Վահագն Դիլբարեանի «100 պիզնես գաղտնիքներ» գիրքերը:

«Բուկինիստ»-ի մէջ գեղարուեստական գիրքերէն ամենավաճառուածն են Նարինէ Աբգարեանի «Մանյունեան»,  Մարկ Արենի «Վայրի վարդերը», որոնց տպաքանակը այդ օրերուն ամբողջութեամբ սպառած է, իսկ երրորդ ամենավաճառուածը Վարդգէս Պետրոսեանի «Ապրած եւ չապրած տարիներ» գիրքը եղած է:

«Panorama.am»-ի հետ զրոյցի ընթացքին «Զանգակ» գրատան տնօրէն Արմէն Գասպարեան եւս նշած է, որ տօներուն հիմնականօրէն մանկական գիրքեր վաճառուած են:

«Ամենաշատը գնած են Հատսոն Պառնեթի «Խորհրդաւոր պարտէզը», Օլտոս Հաքսլիի «Չքնաղ նոր աշխարհը», Լուիս Պորխեսի «Բաբելոնեան գրադարանը», աւելի թարմ թարգմանուածներէն` Հարի Փոթըրի փաթեթը»,- ըսած է Գասպարեան:

«Էտիթ Փրինթ» հրատարակչութենէն տեղեկացուցած են, որ իրենց թարգմանութեամբ գիրքերէն ընթերցողները աւելի շատ գնած են «Աշխարհի իմաստուն հեքիաթներ» ժողովածուն, անոր յաջորդած է «100 պիզնես գաղտնիքներ»  ու Սփենսըր Ճոնսընի «Ո՞ւր է իմ պանիրը» գիրքը: Ամենաշատ ծախուող գիրքերու շարքին է նաեւ «Աննա Ֆրանկի օրագիրը», «Տորիան Կրէյի դիմանկար»-ը ու «Երեք ընկերը» գիրքերը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին