Շաբաթ, 14. 09. 2024

spot_img

«Արեւմտեան Հայաստան» Նոր Եւ Ինքնատիպ Ստեղծագործութիւնը Արդէն Համացանցի Վրայ է

Թառահար Միքայէլ Ոսկանեան հանրութեան կը ներկայացնէ  «Արեւմտեան Հայաստան» ստեղծագործութիւնը: Երաժշտութեան հեղինակը Խաչիկ Եղոյեանն է, գործիքաւորումը կատարած է Վահան Նահապետեանը: Ստեղծագործութիւնը արդէն հասանելի է Youtube-ով:

«Երաժշտութեան թեման շատոնց յղացած էի: Այս մտայղացումս կիսեցի գործիքաւորող Վահան Նահապետեանի հետ: Վերջերս շատ կը լսեմ Միքայէլ Ոսկանեանի կատարումները, եւ միտք յղացաւ նման ստեղծագործութիւն պատրաստել իրեն համար: Միքայէլն ալ սիրով նուագեց այս գործը»,- « irates.am»-ի հաղորդմամբ՝ կը նշէ Yeghoyan Production-ի տնօրէն Խաչիկ Եղոյեանը:

 Նշենք, որ վերջինս 2015 թուականին այցելած էր Արեւմտեան Հայաստան` Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած «100 դուռ» նախագիծի ծիրէն ներս լուսանկարելու նաեւ տեղի եկեղեցիները: Ցուցահանդէսի նախապատրաստական աշխատանքներու ընթացքին Խաչիկ Եղոյեան կ’ունկնդրէր Միքայէլ Ոսկանեանի երաժշտութիւնը, իսկ ցուցահանդէսի օրը պատրաստած էր փոքրիկ վաւերագրական ֆիլմ` կրկին Ոսկանեանի երաժշտութեամբ:

«Անոր թառը Արեւմտեան Հայաստանի կորսնցուցած հողերուն վրայ գտնուելու յուզական ապրումներու ուղեկիցը կարծես ըլլար: Եւ երբ արդէն որոշուած էր, որ իմ ստեղծագործութիւնս պէտք է թառով ներկայացուի, աչքիս առջեւ յայտնուեցան մեր հողերն ու եկեղեցիները, եւ ծնաւ ստեղծագործութեան վերնագիրը: Յուսամ, որ ստեղծագործութեան տեսահոլովակը նկարահանուի այնտեղ»,- կ’աւելցնէ Խաչիկ Եղոյեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին