Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հայրապետական այցով մեկնած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ:
Մայր աթոռի տեղեկատուական համակարգէն կը յայտնեն, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ Նորին Սրբութիւնը հանդիպումներ պիտի ունենայ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի բարերարներուն հետ` քննարկելու Մայր Աթոռին կողմէ իրականացուող զանազան ծրագիրներ: