Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) Պաքուի պատուիրակութեան ներկայացուցիչները այցելած են ազրպէյճանական գերութեան տակ գտնուող երկու հայերուն: Այս մասին կը հաղորդէ «News.am»-ը:
ԿԽՄԿ-ի ազրպէյճանական ներկայացուցչութեան հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինի ղեկավար Իլահա Հուսէյնովան ԱՊԱ-ին յայտնած է, որ անցեալ ամիս կառոյցի ներկայացուցիչները այցելած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հետեւանքով ազրպէյճանական կողմին մօտ պահուող անձերուն:
«Մենք կը շարունակենք պարբերաբար այցելել հակամարտութեան հետեւանքով ձերբակալուած անձերու: ԿԽՄԿ-ն, իր իրաւագիրին համաձայն, այցելութիւններ կը կազմակերպէ ձերբակալուած անձերու ազատազրկման պայմաններու՝ անոնց հանդէպ վերաբերմունքի կարգաւորում իրականացնելու, ինչպէս նաեւ վերջիններուս` իրենց ընտանիքներուն հետ կապը ապահովելու հարցով օգնելու համար»:
Յիշեցնենք, որ ներկայիս Ազրպէյճանի մէջ կը պահուի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէկ քաղաքացի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան այլ քաղաքացի մը: