Հինգշաբթի, 22. 05. 2025

spot_img

Արցախի Մէջ Ականապայթումէն Վիրաւորուած Զինծառայողները Երեւան Հասան

Արցախի Պաշտպանութեան բանակի հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ ականապայթումի հետեւանքով վիրաւորուած երկու զինծառայողներէն մէկը երէկ` Յունուար 9-ին, Ստեփանակերտէն տեղափոխեցին ՀՀ ՊՆ Կեդրոնական զինուորական հիւանդանոց: Լեռնային Ղարաբաղի զինուորական հիւանդանոցէն կը տեղեկացնեն, որ զինծառայողին ոտքը անդամահատած են, անոր վիճակը ծանր է եւ որոշուած է զինք տեղափոխել Երեւան:

Ականապայթումէն վիրաւորուած միւս զինծառայողին` Ն. Մարուքեանի ոտքը եւս անդամահատած են: Զինք աւելի կանուխ տեղափոխած էին ՀՀ ՊՆ Կեդրոնական զինուորական հիւանդանոց: Անոր վիճակը այսօր, կայուն ծանր է:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին