Շաբաթ, 07. 09. 2024

spot_img

Հայկական Բանակի 65 Տոկոսը Կը Կազմեն Պայմանագրային Զինծառայողները. Մովսէս Յակոբեան

Հայկական բանակի 65 տոկոսը կը կազմեն պայմանագրային զինծառայողները եւ միայն 35 տոկոսը պարտադիր ժամկէտային ծառայութիւն իրականացնելու համար զօրակոչուած զինուորներն են: Կեդրոնական զինուորական հաւաքակայանին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին այս մասին յայտնած է ՀՀ զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետ Մովսէս Յակոբեան:

Ան վստահեցուցած է, որ հայկական բանակի համալրուածութեան մակարդակը բաւական բարձր է՝ ինչպէս մարտական հերթապահութիւն կրող ստորաբաժանումներու մէջ, այնպէս ալ պահեստային զօրամասերու մէջ, որոնք կը կոչուին մշտական պատրաստութեան զօրամասեր, համալրուածութեան տոկոսը բաւական բարձր է: «Մենք 12 տարի անընդհատ ունինք զօրակոչի նուազում: Սա վերջին տարին է, որ մենք նման նուազում պիտի ունենանք: Եւ մենք այս տարիներու ընթացքին գիտէինք, որ սա տեղի պիտի ունենայ, ատոր համար զուգահեռաբար բանակը կը համալրենք պայմանագրային զինծառայողներով: Սա որեւէ մէկ ատեն չէ անդրադարձած բանակի մարտունակութեան վրայ: Մենք ծրագիրը  այնպէս կը կատարենք, որպէսզի բանակի մարտունակութեան վրայ զօրակոչի նուազումը չանդրադառնայ»,- ըստ «Արմենփրէս»-ի՝ նշած է ՀՀ ԶՈՒ գլխաւոր շտապի պետը:

Անդրադառնալով Պաշտպանութեան նախարարութեան «Ես եմ» ծրագիրին՝ Մովսէս Յակոբեան յայտնած է՝ առ այժմ այս ծրագիրով զինուորական ծառայութեան անցնելու համար դիմած է 120 հոգի:

«Դեկտեմբեր 30-ի դրութեամբ «Ես եմ» ծրագիրով ծառայութեան անցնելու համար 120 մարդ արդէն դիմած է մեզի»,- ըսած է ան:

Այս ծրագիրով զինուորական ծառայութիւն անցնող բոլոր զինծառայողները պիտի ծառայեն նոյն զօրամասին, նոյն ստորաբաժանման կազմին մէջ: Ծառայութեան վայրը պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ պիտի յայտարարուի յառաջիկային:

«Անոնք վիճակահանութեան պիտի չմասնակցին, պիտի ծառայեն նոյն զօրամասին մէջ, որովհետեւ անոնց ծառայութիւնը պիտի տարբերի միւս զինծառայողներու ծառայութենէն: Այս պահուն ծառայութեան վայրի մասին ոչինչ կրնամ ըսել, մենք ատիկա յառաջիկային պիտի յայտարարենք, սակայն կրնամ ըսել, որ ան պիտի ըլլայ սահմանապահ զօրամաս»,-  նշած է Յակոբեան:

Յունուար 8-ին Հայաստանի մէջ մեկնարկած է ձմեռնային զօրակոչը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին