1 Յունուարէն սկսեալ Երեւանի վարորդները արձանագրած են, որ մինչեւ 15 տոկոսով աւելցած են պենզինի եւ ինքնաշարժներու լիցքաւորման կազի գիները: Այսպէս, սովորական տեսակի պենզինը 410-ի փոխարէն կը վաճառուի արդէն 430 դրամով:
Երեւանի կազալցակայաններուն մէջ լիցքաւորում կը կատարուի 210-220 դրամով, նախկին 180-190-ի փոխարէն:
Մարզերուն մէջ կազի գինը, ի տարբերութիւն մայրաքաղաքին, անհամեմատ աւելի աժան է:
Անակնկալի դիմաց պիտի գտնուին նաեւ յառաջիկային գիւղատնտեսական աշխատանքներ սկսողները: Տիզըլ վառելիքը եւս 1 Յունուարէն թանկացած է եւ նախկին 390-ի փոխարէն կը վաճառուի գրեթէ 440 դրամով: