Չորեքշաբթի, 21. 05. 2025

spot_img

Թրքական «Հուրիէթ» Պարբերականը Անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած «Արմինէ. Չարաք Լերան Աքսորը» Գիրքին

Թրքական «Հուրիեթ» պարբերականը անդրադարձած է վերջերս Պոլսոյ մէջ լոյս տեսած Մուրատ Աթաշի «Արմինէ. Չարաք լերան աքսորը» վէպին, որ կ’առնչուի Հայոց Ցեղասպանութեան: Այս մասին կը հաղորդէ «Արցախփրէս»-ը։

Գիրքին մէջ Աթաշը, հակառակելով թրքական պաշտօնական պատմագրութեան պաշտպանած գիծին, որուն համաձայն` թուրքերը մեղաւոր չեն հայերու հետ կատարուածին համար, ցոյց տուած է Հայոց Ցեղասպանութեան գործին մէջ Օսմանեան կայսրութեան իշխանութիւններու մեղաւորութիւն:

Գիրքին հեղինակը պարբերականին տուած հարցազրոյցին ընթացքին նշած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան թեմայի նկատմամբ հետաքրքրութիւնը իր մօտ յառաջացած է դեռ դպրոցական տարիներուն, երբ այս թեմայով ուսումնասիրութիւն մը գրած եւ պատժուած է ուսուցիչին կողմէ:

Մուրատ Աթաշ յետագային Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթով այլալեզու աղբիւրներ ուսումնասիրելէն բացի, հանդիպած եւ թեմայի շուրջ զրուցած է նաեւ Ցեղասպանութիւնը վերապրած շատ հայերու եւ անոնց ժառանգներու հետ:

Մուրատ Աթաշի «Արմինէ. Չարաք լերան աքսորը» վէպը գլխաւոր հերոսուհի Արմինէի եւ անոր ընտրեալ Ճիւանի սիրոյ պատմութեան միջոցով կը պատմէ ցեղասպանութեան հետեւանքով խեղուած ճակատագիրներու մասին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին