ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Լիբանանեան հեռուստատեսիլի կարգ մը ընկերութիւններու ազնիւ սովորութիւններէն է Հայկական Ս. Ծնունդի օրուան առիթով յատուկ ծրագիր մը ներկայացնել հանրութեան:
Տարուէ տարի սակայն անոր մակարդակը սկսած էր անկում արձանագրել (բացառութիւնները յարգելի են), բայց այն ինչին որ ականատեսը եղաւ այս Ծնունդին լիբանանեան կայանները դիտողը, իր խայտառակութեամբ գերազանցեց նախկինները…:
Դիտեցի՞ր «MTV» կայանի Շաբաթ, 6 Յունուարի գիշերուան յատուկ ծրագիրը, սիրելի՛ ընթերցող:
Օրուան հիւրերուն մէջ եթէ երեւոյթը ինչ որ չափով փրկեցին Նախարար Ժան Օղասապեանն ու տիկինը, հոգեւոր Հայրն ու Արաքս Չէքիճեանը, ապա, այսպէս կոչուած, գեղարուեստական յայտագիրը եկաւ ջրելու ամէն բանի վրայ իր անորակութեամբ, որ արտացոլուեցաւ օրուան հիւր երգիչներու ընտրած անկապ երգերով, երաժշտութեան որակին եւ պատրաստուած սթիւտիոյին աքուսթիքի բացթողումներով, որոնք աւելի քան ամչցուցին ինծի:
Որո՞նք են այս յայտագիրները պատրաստողները նշեալ կամ այլ կայաններուն մէջ: Որքանո՞վ հայկականութեան հետ առնչուած են անոնք: Հեռատեսիլի կայանի տնօրէնութիւ՞նը պէտք է մեղադրել, թէ մասնակից սկզբունքով Հայ հիւրերը: Ո՞ւր է պատասխանատուութիւնը Լիբանանահայ մշակութային միութիւններուն: Ո՞ւր ենք մենք:
Ըստ երեւոյթին, հիւրերու ընտրութիւնը վստահուած էր օրուան խօսնակին կամ կայանի անձնակազմի պաշտօնեաներուն, որոնց չափանիշը, լաւագոյն պարագային, իրենց անձնական ծանօթութիւններն ու միջակ հայագիտութիւնը պիտի ըլլան, որուն որպէս արդիւնք՝ «Շնորհաւոր Նոր Տարի» մաղթանքը սխալ ուղղագրութեամբ պիտի ծանուցուի, կարգ մը հիւրեր մեզ ներկայացնելով, իրենց միջակութեամբ մեզի պիտի ամչցնեն յաջս օտար դիտողին, մինչ հիւր երգիչները օրուան խորհուրդին հետ անկապ երգերով եւ հարսանեկան խրախճանքի յատուկ ոճով եւ երգացանկով հանդէս պիտի գան…:
Պատասխանատուութիւնը մեր կազմակերպութիւններուն ուսերուն կ’իյնայ, սիրելի՛ ընթերցող, նման ամօթալի երեւոյթներու առաջքը առնելու համար լաւագոյն եւ կազմակերպուած ու նպատակայարմար ծրագրով մը ներկայանալու տուեալ հաստատութիւններուն, որուն լաւագոյն ապացոյցն ալ նոյն օրը Լիբանանի պետական հեռատեսիլի կամ «LBC» կայանին վրայ լիբանանահայ միութիւններու տրամադրած իրենց ձեռնարկներու տեսերիզներու սփռումն էր, որ, հակառակ յատուկ կերպով պատրաստուած յայտագիր չըլլալուն, գոնէ տուեալ օրը Հայ մշակոյթը պատշաճ կերպով ներկայացուցին դիտողներուն:
Շնորհաւոր Ս. Ծնունդ: