«Ահա կոյսը պիտի յղանայ եւ որդի մը ծնի‚ եւ զայն պիտի կոչեն Էմմանուէլ‚ որ կը նշանակէ` Աստուած մեզի հետ»:
Մատթէոս 1:23
Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան բարեբաստիկ տօնին առիթով, սրտագինս կ’ողջունեմ Լիբանանահայ մեր ժողովուրդի հաւատացեալ զաւակները, մաղթելով, որ երկինքէն երկիր եկող մեր Աստուածը, մեզ առաջնորդէ դէպի սրբութեան կեանք ու նոր մղում պարգեւէ մեր աշխատանքներուն։
Այսօր, Սուրբ Ծննդեան աւետիսը դարձեալ կ’արձագանգէ մեր եկեղեցիներէն ներս, որպէսզի աշխարհացրիւ մեր ժողովուրդի զաւակները յիշեն եւ զգան, որ մեր բերկրանքին համար, Աստուած երկինքէն երկիր կու գայ։ Արդարեւ, Մատթէոսի Աւետարանին մէջ տեղ գտած մարգարէին աւետաբեր քանի մը խօսքերը, բոլորիս կը յուշեն, որ ահաւասիկ, մեզի հանդիպելու ու մեր մէջ ապրելու վճռակամութեամբ, Աստուած մեզի կու գայ։ Այսօր, մեր Փրկիչը մեզ կը փնտռէ ու աշխարհ կու գայ, որպէսզի մեր մէջ բնակի։
Այս է Յիսուսի Քրիստոսի Սուրբ Ծնունդին մասին Աւետարանով մեզի փոխանցուող յստակ պատգամը. եւ այս պատգամն է, որ այսօր մեզ կը հրաւիրէ մեր եկեղեցիներէն ներս ու մեր կեանքին մէջ դիմաւորելու մեր Փրկիչը։
Սակայն, ի՞նչ տեսակ հոգիով մենք կ’ընկալենք աւետարանական այդ պատգամը եւ մանաւանդ, ի՞նչ տեսակ զգացումներով մեր կեանքէն ներս կը դիմաւորենք մեզի համար աշխարհ եկող մարդացեալ Փրկիչը։
Վստահաբար, աշխարհի տեսակաւոր երեւոյթներուն ու կացութիւններուն մէջ, շատեր արդէն իսկ կորսնցուցած են Աստուծոյ հետ մտերմութեան զգացումը։ Ուրիշներ, մեզ շրջա-պատող տօնական մթնոլորտի պայմաններուն մէջ, ի զուր կը փորձեն զԱստուած փնտռել։ Իսկ մենք, որ զինք կը դաւանինք որպէս մեր Աստուածն ու Տէրը, ի՞նչ տեսակ հոգիով կը դիմաւորենք մեզի եկող մեր Փրկիչը, որ ահաւասիկ, Իր Ծնունդով ոչ միայն մեր սրտերուն կը բերէ տօնական խնդութիւն, այլեւ` մեզի կը պարգեւէ դէպի Աստուած բարձրանալու եւ կատարելութեան հասնելու եզակի շնորհք։
Սիրելի հայրենակիցներ,
Աստուածայայտնութեան տօնը, գերբնական պատահարի մը յիշատակութիւնը ըլլալէ աւելի, մեր կեանքէն ներս Աստուծոյ շօշափելի յայտնութիւնն է։ Աստուած մարդկային կերպարանք կը ստանայ եւ աշխարհ կու գայ, որպէսզի դէպի աստուածութիւն երթալու ճամբան ցոյց տայ մարդուն։ Աստուած երկինքէն երկիր կ’իջնէ, որպէսզի առաքեալներուն հետ իր ապրած օրերու օրինակով, նաեւ մեր առօրեային մէջ այսուհետեւ ներկայ ըլլայ մեզի հետ, որպէսզի մենք ալ յաւիտեանս ապրինք իր հետ։ Այսօր, մեր Եկեղեցիներու խորաններէն արձագանգող Սուրբ Ծննդեան աւետիսը մեզ կը հրաւիրէ զգալու, որ մեր բերկրանքին համար, Աստուած երկինքէն մեզի կու գայ։
Հաստատ հաւատքով եւ հոգեկան սփոփանքի զգացումով ընկալենք Ս. Ծննդեան աւետիսը, որպէսզի մեր կեանքէն ներս յայտնուող Աստուածը, նաեւ մեզի շնորհէ աշխարհէն ներս մեր ապրած դառնութիւնները, փորձութիւններն ու անկումի զգացումները յաղթահարելու կարողութիւն։ Եւ ուշադիր ըլլանք, որպէսզի աշխարհի երեւոյթներով խճողուած մեր առօրեային մէջ, մենք չկորսնցնենք մեզի եկող մեր Փրկիչին ներկայութիւնը զգալու մեր հաւատքը։
Կ’ապրինք նոր տարուան մը տօնական մթնոլորտին մէջ եւ անկասկած, բոլորս ալ կ’ուզենք մեր կեանքէն ներս փոխուած ու նորոգուած տեսնել շատ բան ու մանաւանդ, մեր շուրջ աւելի քաղցրացած տեսնել կեանքն ու աշխարհը եւ մեր առօրեային մէջ շօշափելիօրէն նաեւ զգալ Աստուծոյ սիրոյն ջերմութիւնն ու սփոփանքը։
Սակայն, ո՛չ տարեթիւերու փոփոխութիւնները եւ ո՛չ ալ աշխարհիկ հանդիսութիւններն ու կերուխումերը նորութիւն կրնան բերել կամ դարձակէտ հաստատել մեր կեանքէն ներս։ Գէթ մենք պէտք է անդրադառնանք, որ նորոգուելու շունչը Սուրբ Ծնունդով կը ճառագայթէ աշխարհէն ներս եւ Եկեղեցւոյ միջոցաւ կը տարածուի ու կը հաստատուի մարդոց սրտերուն մէջ։
Հետեւաբար, ուշադիր ըլլանք եւ զգուշութեամբ ալ վարուինք մեր կեանքին հետ։ Գէթ Ս. Ծննդեան օրը յատկացնենք Աստուածայայտնութեան սրբազան արարքը ըմբռնելու եւ ապ-րելու նպատակին, որպէսզի կարենանք զգալ, որ իրօք, մեր կեանքի ամբողջ տեւողութեան, Աստուած մեզի հետ է ու մեր կողքին` նոյնիսկ մեր փորձութիւններուն եւ անկումներուն մէջ։
Անկասկածօրէն, համաշխարհային բարքերու ներկայ մթնոլորտին մէջ աւելի մեծ ճիգով պէտք է փորձենք պաշտպանել մեր հաւատքը եւ պահպանել նաեւ դարերու մաքառումով կերտուած մեր ազգային բարոյական ըմբռնումները, որպէսզի մեր ժողովուրդն ալ չհեռանայ իր հաւատքէն ու չպարպուի ինքնութենէն։ Զգոյշ պէտք է ըլլանք եւ հաւաքաբար ալ մեծ զգուշութեամբ վարուինք մեր ազգային նուիրական աւանդներուն հետ, որպէսզի չխաթարուի հայ ընտանիքին նկարագիրը ու չվտանգուի հայութեան կեանքը։ Զգոյշ պէտք է ըլլանք մանաւանդ մեր զաւակներու հաշւոյն, որոնք մեր օրինակին հետեւելով, պիտի գիտակցին, որ առանց հաւատքի, առանց սրբութեան հասկացողութեան ու առանց Աստուծոյ ներկայութեան, մենք չենք կրնար ինքզինքնիս ըլլալ ու մեր ժողովուրդն ալ չի կրնար երկար տոկալ։
Վերոյիշեալ մտածումներով, ամանորի ու Ս. Ծննդեան բարեբաստիկ տօներուն առիթով, սրտագինս կը շնորհաւորեմ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները, մաղթելով որ 2018 թուա-կանին, նոր բարիք ու նոր գեղեցկութիւններ հաստատուին բոլորիս կեանքէն ներս։
Շնորհաւոր նոր տարի եւ Ս. Ծնունդ։ Թող որ Աստուծոյ շունչը առատօրէն թափանցէ բոլորի սրտերուն մէջ եւ ամբողջ աշխարհը ողողէ խաղաղութեամբ, երջանկութեամբ եւ տեւող ուրախութեամբ։
Սիրոյ ջերմ ողջունիւ եւ աղօթարար`