Չորեքշաբթի, 14. 05. 2025

spot_img

Հայոց Քաջամարտիկ Եկեղեցին

*Տոքթ. ՌԻՉԸՐՏ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ*

Հայ Առաքելական եկեղեցին ամէն տարի Յունուար 6-ին կը նշէ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան տօնը, իսկ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին՝ Դեկտեմբեր 25-ին, ինչպէս Հռոմի Եկեղեցին եւ Արեւելեան Անտիոքի միւս եկեղեցիները, որոնք կը հետեւին «Կրէկորեան օրացոյցին»:

Օրուան ընտրութիւնը չարտացոլէր որեւէ աստուածաբանական կամ դաւանաբանական անհամաձայնութիւն, բացի Հայ Առաքելական Եկեղեցիին՝ հաւատարմութիւնը հին աւանդոյթներուն:  Մինչեւ չորրորդ դար, քրիստոնեաները այս տօնը նշեցին Յունուար 6-ին, աւելի վաղ ժամանակաշրջանի քրիստոնեաները, յատկապէս հռոմեացիները, պահեցին որոշ հեթանոսական տօներ եւ յետագային զանոնք փոխարինեցին իրենց քրիստոնէական տօներով, մինչեւ որ 336-ին Հռոմի եկեղեցին Սուրբ Ծնունդի օրը  յայտարարեց որպէս Դեկտեմբեր 25 այդ օրը տօնուող հեթանոսական տօնի փոխարէն:

Սուրբ Ծնունդը հայութեան մօտ կրնակի նշանակութիւն ունի, քանի որ կը խորհրդանշէ նաեւ Աստուծոյ յայտնութիւնը: Հայերը Ծնունդի գիշերը կը դիմաւորեն Սուրբ Ծննդեան աղօթքներով ու աւանդական ճրագը կը տեղափոխեն եկեղեցիէն դէպի իրենց տուները, քանի որ այդ բոցը կը խորհրդանշէ Բեթղեհէմի աստղի լոյսը, որով ճամբան լուսաւորուեցաւ Մոգերին, նորածին Յիսուսի մօտ հասնելու համար: Ս. Ծնունդի օրը տեղի կ’ունենայ ջուրի օրհնութիւնը, որ կը խորհրդանշէ Յորդանանի գետի մէջ Յիսուս Քրիստոսի մկրտութիւնը: Այնուհետեւ սրբացուած ջուրը Խաչի եւ միւռոնի հետ կը բաժնուի բովանդակ ժողովուրդին` որպէս հոգեկան եւ ֆիզիքական տուայտանքներու դարման: Այս աստուածային ոգիի բոցը ոգեշնչեց եւ լուսաւորեց Հայաստանի ժողովուրդին քրիստոնէական առաջին իսկ դարերէն առ այսօր՝ շնորհուած ըլլալով լոյսով եւ օրհնութեամբ, որպէսզի գոյատեւէ հակառակ պատմութեան ընթացքին ենթարկուած տառապանքներուն, պատերազմներուն եւ աւերածութիւններուն: Հայոց մօտ աստուածային յայտնութիւնն ու մարմնացումը հոգեւոր հարստութիւն եւ մարդկային հրաշալի խորհրդանիշ կը պարփակէ իր մէջ, որ արմատաւորուած է իր հաւատքին եւ պատմութեան խորը: Ան երկրի աստուածաբանութիւնը չէ սոսկ, այլ է նաեւ պատմութեան, պայքարի, գոյատեւման, լեզուի եւ աւանդոյթի աստուածաբանութիւն:  Հայ ժողովուրդը պայքարող եկեղեցիի ժառանգորդն է եւ ազգի մը զաւակները, որոնց աստուածաբանութեան մէջ կը մտնէ եւ իր հողին հետ կը  խառնուի իր հաւատքը շաղախուած իր սուրբ նահատակներու արիւնին հետ: Մահուան, ճնշման եւ ոչնչացման մոխիրը կը վերածնի որպէս գոյատեւման եւ ազատութեան, առատաձեռնութեան եւ ստեղծագործութեան ծաղիկներ: Ես անոնցմէ  մէկն եմ, որոնք կը հաւատան, որ , Աստուած պատմութեան եւ տիեզերքի մէջ է, եւ ան ազգերու եւ ժողովուրդներու ճակատագիրն ու դերը կ՛ընտրէ համապատասխան անոնց կամքին: Աստուած ստեղծեց Հայաստանը, ինչպէս նաեւ Լիբանանը որպէս  աստուածաշնչեան սուրբ հողեր: Ծննդոց 5.4.8-ի համաձայն, ջուրը աստիճանաբար իջաւ, որմէ ետք Նոյի տապանը հանգչեցաւ Արարատի վրայ:

Հայաստան ժամանած առաջին առաքեալները եղած են Թադէոս եւ Բարդողէմիոս, որոնք քրիստոնէութիւնը տարածած են Հայ ժողովուրդին մէջ: Պատահական չէ, որ Հայ Եկեղեցին ամենահին եւ հնագոյն եկեղեցիներէն մէկն է, մինչ Հայաստանը պատմութեան մէջ առաջին պետութիւնը, որ Քրիստոնէութիւնը ընդունած է, որպէս պետական կրօնք  301 թուականին:

Ցանկը երկար է սուրբերու, նահատակներու, հերոսներու եւ կրօնաւորներու, որոնք իրենց կեանքը նուիրաբերած են հայոց հաւատքին: Մենք այսօր ազգովին կ՛առաջնորդուինք անոնց գործերով գծուած ճանապարհով:

Հայոց առաջին կաթողիկոս՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ իր կրած չարչարանքներով, համբերութեամբ եւ հրաշքներով է, որ օրուայ Տրդատ թագաւորը քրիստոնեայ մկրտուեցաւ:  Քրիստոնէականա հաւատքի լոյսով եւ առաջնորդութեամբ է, որ զօրացան Հռիփսիմեանց կոյսերը: Հայոց գիրերու գիւտի հեղինակ Մեսրոպ Մաշտոցէն մինչեւ Գրիգոր Նարեկացի, մինչեւ Կոմիտաս հասնելով Նահատակ Իգնատիոս Մալոյեան Եպիսկոպոսը իրենց գործունէութեանց մէջ առաջնորդուեցան նոյն Սուրբ հաւատքով:

Քրիստոսի ծնունդը մեր մօտ Աստուծոյ մարմնացումն է մեր հոգիներուն մէջ: Ան սէրն է ու փրկութիւնը մարդկային էակներուս սրտերուն մէջ:  

Թող այս տօնը ըլլայ, ինչպէս միշտ,  իրար հանդէպ սիրոյ եւ հոգեկան նոր ծնունդի օր:

Բոլորս խոնարհինք մսուրի մէջ ծնած համեստութեան, հանդուրժողականութեան եւ մարդասիրութեան իշխան Յիսուս Քրիստոսի առջեւ:

Շնորհաւոր Ս. Ծնունդ:

Բնագիրը՝ Արաբերէն

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին