Չորեքշաբթի, 21. 05. 2025

spot_img

Վերապատուելիներ Գարակէօզեան Եւ Հայտոսթեան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Մօտ

30 Դեկտեմբեր 2017-ին Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան նախագահ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան եւ նոյն միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ եւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ Վեր. Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան։

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան ու Սփիւռքի հայութեան առնչուած հարցերու ընդհանուր անդրադարձ մը կատարելու։ Նորին Սրբութիւնը իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջեւ շարունակուող գործակցութեան գծով՝ շեշտելով, որ մեր ժողովուրդը բաղկացնող հոգեւոր, կրթական, քաղաքական կառոյցներու ու կեդրոններու միջեւ որեւէ գործակցութիւն մեծապէս կը նպաստէ մեր ազգի միասնականութեան ամրապնդման ու Հայաստանի հզօրացման։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին