28 Դեկտեմբերին Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Յունաստանի նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը գլխաւորութեամբ ատենապետ՝ ընկ. Գալուստ Ռուստեմեանի այցելութիւն մը տուաւ Յունաստանի մէջ ՀՀ դեսպանատուն ուր ընդունուեցաւ ՀՀ Վսեմաշուք դեսպան Ֆատէյ Չարչօղլեանի կողմէ: ՌԱԿ-ի պատուիրակութեան ընկերակցեցաւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ ընկ. Հրայր Հովիւեան: Պատուիրակութեան մաս կազմեց նաեւ ՌԱԿ Յունաստանի Շրջանային Վարչութեան օրկան՝ «Հայ Կեանք» պարբերաթերթի խմբագիր՝ ընկ. Տիգրան Ապասեան:
Ողջունելով հանդիպման մասնակիցներուն՝ դեսպան Չարչօղլեան ներկայացուց հայ համայնքի հետ տարուող աշխատանքներու բնագրին մէջ նախատեսուող ծրագիրները, կոչ ուղղեց աշխուժօրէն մասնակցիլ համայնքի աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ 2018 թուականին կայանալիք համահայկական միջոցառումներուն: ՌԱԿ-ի Յունաստանի Շրջանային պատուիրակութիւնը, իր կարգին, վստահեցուց, որ իրենց յետագայ աշխատանքները իրականացնելու ընթացքին պիտի առաջնորդուին ՀՀ դեսպանութեան հետ սերտ համագործակցութեան եւ փոխաջակցութեան սկզբունքով:
Նշենք, որ Շաբաթ, 23 Դեկտեմբեր 2017-ին երեկոյեան Աթէնքի «Արարատ» Մշակութային-Մարզական Միութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած էր ՌԱԿ Յունաստանի Շրջանային Վարչութեան ընտրութիւնը՝ ներկայութեամբ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ ընկ. Հրայր Հովիւեանի, որ Պէյրութէն Յունաստան ժամանած էր՝ ՌԱԿ-ի Յունաստանի շրջանակը վերակազմակերպելու յատուկ առաքելութեամբ։
ՌԱԿ Յունաստանի նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը կազմուած է հետեւեալ ընկերներէ.
Գալուստ Ռուստեմեան Ատենապետ
Հերման Մէնէնտեան Փոխ Ատենապետ
Խաչատուր Ադամեան Ատենադպիր
Սերգօ Ղազարեան Գանձապահ
Մերի Բոնիրու Խորհրդական անդամ
Սեդրակ Ապասեան Խորհրդական անդամ
Խորէն Ոսկերիչեան Խորհրդական անդամ
Շնորհաւորութիւն նորակազմ վարչութեան եւ յաջողութիւն իրենց ազգասէր եւ կուսակցանուէր գործունէութեանց: