*ՎԱՐԴԱՆ ԹԱՇՃԵԱՆ*
Սափրիչատունը
Մելգոնեանի մեր տարիներուն, Հաստատութեան ներքին կարիքներու արհեստաւորական զանազան գործեր կը վստահուէին ուսանողներուն, մեծ մասամբ ձեռներէցներուն, զգալի նուազում արձանագրելով աշխատանքային ծախսերու ցուցակին վրայ: Կրթարանը ունէր իր սեփական մեքենատունը, ատաղձագործարանը, տպարանը, խոհանոցը, ճաշարանը, հիւանդանոցը, կարատունը, գրադարանը, հանդերձատունը, տաղաւարը, մարզադաշտերը եւ այլ բաժիններ, որոնք պատասխանատուներու կողքին, օգնութեան կարօտը կը զգային աշակերտական ձեռքերուն, ե՛ւս հաստատելով ընտանեկան հանգամանքն ու մթնոլորտը գիշերօթիկի եզակի դրութեան: Այս գործերը կը կատարուէին կամովին, սիրայօժար տրամադրութեամբ, ծառայասիրութեա՛ն ոգիով, «Մէկը՝ բոլորին, բոլորը՝ մէկուն» հաւատամքը ընդունելով որպէս խոստում եւ բարոյական պարտք, մեծ Բարերարներու կիսանդրիներէն ծորող հանապազօրեայ բարի ներկայութեան շուքին տակ:
Ահա այս արհեստանոցներէն մէկն ալ, տղոց շէնքի գետնայարկը, ակումբին ու ճաշարանին մէջտեղի միջանցքին վերջաւորութեան, դէպի դամբան նայող իր պատուհանով վերջէն աւելցուած աննշան խուց մըն էր, որուն փայտեայ համեստ դռնակի ճակատին կը կարդացուէր մէկ բառ՝ «Սափրիչատուն»: Ասիկա այն սենեակն էր, ուր տղոց գլուխները կը յանձնուէին ուսանող «սափրիչ»ներու մկրատներուն, անվճար, մազերու երկարութիւնը բաղձալի վիճակի մը մէջ պահելու եւ պահպանելու նպատակով: Վերջին տասնամեակներու քարտիսային արտառոցութիւնները, հիւսքերը, գոյները, մօրուքները, յատկապէս ֆութպոլիստներու գլխուն վրայ՝ աներեւակայելի եւ անընդունելի պիտի նկատուէին այն շրջանին անտարակոյս, Մելգոնեանի կարգապահական խիստ կանոններու պարտադրանքին տակ: Կը տարուիս մտածելու, թէ ժամանակներու յարափոփոխ ընթացքը ո՞ւր հասցուցած է գլխու նորաձեւութիւնը ներկայիս, ներառեալ «թաթու»ով թաթաւուն քիթ-բերանները, աննշան գիւղերու անկիւններէն մինչեւ մեծ ոստաններու խճողուած պողոտաները:
Ունէինք «վարպետ» սափրիչներ, արդէն իսկ տիրացած արհեստի գաղտնիքներուն, մի քանին՝ ընտանեկան ժառանգութեամբ, եւ հարկաւ՝ խակ ու անվարժ սափրիչներ, որոնց փորձառութիւնը հետզհետէ կը հասուննար անտրտունջ նորեկներու գլխուն վրայ: Վարպետներէն մին՝ մեր դասընկերը Հայկաւէտ Չըքրըքճեանն էր, Ամմանէն, որուն հայրը, եթէ չեմ սխալիր, ծանօթ սափրիչ եղած էր հոն: Հայկաւէտը, որուն «Չըքրըք» կը կանչէինք, պարտականութիւն ունէր նոյն ատեն մարզելու եւ հասցնելու նոր ուժեր, որպէսզի սերունդ մը, սափրիչներու մեկնումէն ետք, այս նորերը ստանձնէին սափրիչատունը ո՛ղջ պահելու աւանդութիւնը, ինչպիսին էր պարագան ոչ միայն միւս արհեստանոցներուն, այլեւ՝ երգչախումբին, նուագախումբին, փողերախումբին եւ կամ մարզական խումբերուն յաջորդականութեանը մէջ: Այս էր հետեւողական դրութիւնը Մելգոնեանին միշտ, գործնական միջոցառո՛ւմը, ուսման վեցամեայ շրջանի մը աւարտին, անցեալի երկար շղթային վրայ նոր օղակներ հիւսելու էական պարտականութեան ճամբուն վրայ:
Բացի ուսանողներէն, սափրիչատան բարիքներէն օգտուողներու ցանկին վրայ կային նաեւ ուսուցիչներ եւ պաշտօնեաներ, դրամէն աւելի՝ դիւրութեան պատճառաւ, այլապէս, հարկ պիտի ըլլար կրել մինչեւ քաղաք երթալու տաղտուկը քանի մը քիլօմեթր հեռու մազ մը կտրելու համար: Չեմ գիտեր, եթէ երբեք «սափրիչ»ն ալ, անուղղակիօրէն, սա կամ նա ձեւով փոխադարձ շնորհ մը կը քաղէր ազդեցիկ այս յաճախորդներէն, դասերուն մէջ կամ այլուր, երբ իրարու կռնակ քերող մարդկային ընկալեալ սովորութիւնը ամէնուրեք խտացուած կը տեսնենք «խաթեր» կոչուած բառին մէջ…
Պէտք է խոստովանիլ, որ ամէն ինչ վարդագոյն չէր, չէ՛ր ալ կրնար ըլլալ սափրիչատան պատերէն ներս, մէջ ընդ մէջ պատահող ձախաւերութիւններու պատճառաւ: Այդ սխալները տարապայմանօրէն կը պայթէին խեղճուկ աթոռին վրայ արգելափակուած, անզէն, անշարժ «յաճախորդ»ին գլխուն: Այսպէս, առիթով մը, Չըքրըքին նոր աշկերտներէն մին՝ մեր դասընկերը՝ Հայրապետ Թորոսեանը (Հայրօն), մազ կտրելու նախնական բացատրութիւնները ստանալէն ետք, «հասկցա՛յ, հասկցա՛յ» ըսելով, մեր միւս դասընկերոջ՝ Սէմ Եուսուֆեանին վրայ փորձեց իր առաջին «պէրպէր»ութիւնը: Սպիտակ ծածկոցը անցուց անոր վզին, սանտրը ձախ ձեռքով խրեց առատ մազերուն մէջ, մեծկակ խուց մը հաւաքեց եւ մկրատը աջ ձեռքին՝ օդին մէջ «չաթ, չաթ» քանի մը անգամ շխրտացնելէն ետք, գործի լծեց՝ սանտրին տակէ՛ն եւ ո՛չ թէ վրայէն, հնձելով ամբողջական մազակոյտը: Սէմը, ծռած ըլլալուն, չգիտցաւ թէ ինչ կ’անցնի կը դառնայ իր գլխուն վրայ, մինչ Հայկաւէտին ուշադրութիւնը կեդրոնացած կը թուէր ըլլալ ուրիշ տեղ: Քաջալերուած՝ իր այս նախափորձի յաջողութենէն, Հայրօն շարունակեց նոյն թափով թիրախ դարձնել Սէմին գլխուն միւս մասերը, մինչեւ որ այդ պզտիկ գլուխը վերածէ «ականահարուած կռուադաշտ»ի, գուցէ այս օրերուն իբրեւ արդիականութիւն՝ ընդունելի, բայց ոչ՝ 50-ական թուականներու պահպանողականութեան մէջ: Սէմին արցունքները չորցնելու ծանր պարտականութիւնը դարձեալ ինկաւ Չըքրըքին: Հայրոյին մկրատը հրեց մէկ կողմ, վերցուց զէրոյի մեքենան եւ իր իսկ անունը հնչող ձայնով, «չըք, րըք, չըք, րըք», տուր որ կու տաս Սամիկին մազերուն, ինչ որ մնացած էր տակաւին, խուզելով այն աստիճան, որքան որ Telly Savalas-ը խուզած կ’ըլլար իր գլուխը Kojak-ի ֆիլմերուն մէջ: Անշուշտ չուշացաւ օրը երբ Հայրօն ալ անցաւ վարպետներու կարգին եւ եղաւ բոլորին կողմէ փնտռուած սափրիչը, լաւագոյնը, պէտք է ըսել, մկրատին տեղը պահելով այլեւս միշտ սանտրին վրայէ՛ն… մանաւանդ մեղանչողական եւ ուշադիր՝ ա՛լ մեծցած Սէմին գլխուն վրայ:
Այս պատահարը այնքան լուրջ չէր, որքան, ուրիշ օր մը, երբ սափրիչներէն մին, անզգուշութեան պատճառաւ, գրականութեան ուսուցիչ Պրն. Թամամեանին ականջին ծայրը կտրեց եւ բաւական արիւն հոսեցուց: Կարելի չէ մեկնաբանել այս անճարակութեան հետեւանքը… կուտակուած «խաթեր»ներու անմիջական շոգիացումէն զատ…
Բազմազբաղ վիճակ կը ներկայացնէր սափրիչատունը շարունակ: Ամէն օր գրեթէ տղաքը կարգ կը բռնէին աթոռին առջեւ, իրենց մազերն ալ բարդելու սալայատակի մազերուն վրայ, այն յոյսով որ նորոգուած գլուխը աւելի գրաւիչ պիտի դառնայ կեդրոնական ցանկապատէն անդին գտնուող բնակիչներու աչքերուն: Անխուսափելի էր նաեւ փորձառու սափրիչին աթոռը գրաւելու մրցակցութիւնը: Վերջին խօսքը սակայն կը պատկանէր մեծերուն՝ վերի դասարանի տղոց, որոնք յաճախ հերթապահներուն չափ հրամայական եղանակով իրենց կամքը կը պարտադրէին փոքրերուն վրայ, մինչեւ որ այս վերջիններուն կարգը գար նոյն սովորութիւնը ընկալելու յետագային:
Ինչ ալ ըլլար պարագան, սակայն, ասոնք որեւէ ձեւով խնդրոյ առարկայ չդարձուցին սափրիչատան գոյութիւնը երկար ատեն: Բայց երբ վերադարձայ Մելգոնեան տարիներ ետք, իբրեւ ուսուցիչ այս անգամ, ցաւով նկատեցի, որ անոր դռնակն ալ, միւս արհեստանոցներուն ճակատագրով տեսած էր կղպանքի բանալին: Փոքր սենեակ մըն էր, այո՛, բայց անուրանալի իր տեղը ունեցաւ Հաստատութեան պատմութեան մէջ: Ուրախ, շէն, ակմբային համակիչ մթնոլորտի մէջ, կատակներով, խնդուքով, օրուան հոլովոյթներու նկարագրականներով կը յորդէր այդ փոքր սենեակը, կարծես հաւաքոյթի նպատակը այդ ըլլար եւ ոչ թէ մազը: Մանաւանդ երբ պատուհանը բացուէր եւ դամբանին միւս կողմէն, ետեւի բակին մէջ ճեմող աղջիկներուն հետաքրքրաշարժ ու քրքջախառն նայուածքները սպրդէին սափրիչատունէն ներս շաղակրատութեան անսպառ նիւթ որոնելով իրենց զբօսանքին մէջ:
Հիմա անցած գացած են այդ բոլորը այլեւս: Ի՜նչ ըսել ժամանակին, որ ամէն ինչ կը փոխէ մարդկային կեանքին մէջ, ոչի՛նչ պահելով նոյնը, ապրումներ, սովորութիւններ, բարիք, տարիք, հարստութիւններ, հաճելի պահեր, աւանդութիւններ, բարեկամութիւններ, յուզումներ, ուրախութիւններ, սէրեր, քիչ քիչ շպրտելով յուշերու, յիշատակներու ու շատ չանցած, ամէնէն ցաւալին՝ մոռացութեան տոպրակին մէջ:
Նիկոսիա
* ՄԿՀ – Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւն