Նախագահ Սերժ Սարգսեան Դեկտեմբեր 27-ին Կարէն Դէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ մասնակցած է Հայաստանի «Տարուան 10 լաւագոյն մարզիկներ» 2017 թուականի մրցոյթի յաղթողներու եւ 2017 թուականի ընթացքին մարզական բարձր նուաճումներ ունեցած մարզիկներու պարգեւատրման ու մեծարման հանդիսաւոր արարողութեան:
Նախատօնական հանդիպման ընթացքին Հանրապետութեան նախագահը շնորհաւորած է մարզաշխարհի բոլոր ներկայացուցիչները Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներու առթիւ, մաղթած քաջառողջութիւն, երջանկութիւն անձնական կեանքին մէջ եւ նորանոր յաջողութիւններ համաշխարհային մրցահարթակներու վրայ` ի փառս հայկական մարմնամարզութեան եւ հայրենիքի:
Նախագահ Սարգսեան մարմնամարզութեան ասպարէզի մէջ ունեցած վաստակի համար պատուաւոր կոչումներ շնորհած է շարք մը մարզիկներու եւ մարզիչներու, խրախուսած նաեւ դրամական պարգեւներով ու նուէրներով:
Ձեռնարկի ընթացքին լաւագոյն տասնեակին Հայաստանի մարմնամարզութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Հրաչեայ Ռոստոմեան յանձնած է հաւաստագիրեր եւ խորհրդանիշ-արձանիկներ, իսկ մրցանակները յանձնած է Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի (ՀԱՕԿ) նախագահ Գագիկ Ծառուկեան:
Հանդիսաւոր արարողութեան ժամանակ ՀԱՕԿ նախագահ Գագիկ Ծառուկեան Հանրապետութեան նախագահին փոխանցած է Բանակի կեդրոնական մարզական ակումբի հիմնադիրներէն մէկուն` Արմենակ Ալաճաճեանին ակումբի 80-ամեակի առթիւ շնորհուած յոբելեանական գաւաթը:
Սերժ Սարգսեան մարզիկներու պարգեւատրման եւ մեծարման հանդիսաւոր արարողութեան ժամանակ իր շնորհաւորական խօսքը յղած է մարզաշխարհի ներկայացուցիչներուն: