Հայաստանի մէջ արեւային առաջին ինքնաշարժի ստեղծումը կամաւորներու եւ խանդավառներու ծրագիր է: Բան մը, որ կ’ընեն մասնագիտական հաճոյքի համար եւ երազանքով, որ Հայաստանի մէջ պիտի հիմնուի արեւային ելեկտրական ինքնաշարժներու արտադրութիւն:
«Armenpress.am»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ՀՀ ուժանիւթի ենթակառուցուածքներու եւ բնական պաշարներու նախարարի տեղակալը ըսած է, որ ասիկա անձնական նախաձեռնութիւն է, որուն նպատակը Հայաստանի մէջ արեւային ճարտարագիտութիւններու, յատկապէս ելեկտրական փոխադրամիջոցներու հանդէպ հետաքրքրութիւն յառաջացնելն է: «Առաջին հանդիպումը հետաքրքրուած անձերու հետ երկու մասի բաժնեցինք. առաջինը` զերօյէն արեւային ինքնաշարժ նախագծել եւ կառուցելն է, երկրորդը` գործող որեւէ հին ինքնաշարժ ամբողջովին ելեկտրական շարժիչով ինքնաշարժ դարձնելը: Կ’ուզենք ցոյց տալ, որ հնարաւոր է գործող ինքնաշարժները փոխել ելեկտրական շարժիչի, յետագային յոյս ունինք, որ անիկա պիտի դառնայ տարածուած փորձ Հայաստանի մէջ»,- նշած է Հայկ Յարութիւնեան:
Պաշտօնեային խօսքով` միւս կողմէն` աշխարհի առաջնակարգ ելեկտրական ինքնաշարժ արտադրող ընկերութիւնները իրենց հիմնական ճարտարապետներն ու աշխատակիցները կը գտնեն այն խումբերէն, որոնք կը մասնակցին նման աշխատանքներու: Աւստրալիոյ մէջ կայ «արեւային մարտահրաւէր» մրցոյթը, որ կը գործէ 30 տարիէն աւելի, որուն աշխոյժ կերպով կը մասնակցին բոլոր համալսարանները. իւրաքանչիւր խումբ կը նախագծէ իր արեւային ինքնաշարժը: Այդ ինքնաշարժները պէտք է 3000 քմ ուղի կարենան հատել:
«Մենք ալ կ’ուզենք այստեղ նմանատիպ բան ստեղծել` յոյս ունենալով, որ որոշ հետաքրքրութիւն պիտի յառաջացնենք մասնագէտներու մէջ: Անոնք այդ ուղղութեամբ պիտի աշխատին ա՛յն երազանքով, որ Հայաստանի մէջ դրուի արեւային ելեկտրական ինքնաշարժներու արտադրութիւն»,- ըսած է փոխնախարարը:
Հայկ Յարութիւնեան դժուարացած է ժամկէտներ նշելու, քանի որ անիկա լիովին կամաւոր հիմունքներով կատարուող աշխատանք է: Բացի այդ, անհրաժեշտ պիտի ըլլայ հայթայթել նիւթական աղբիւրներ, քանի որ այս գաղափարը որեւէ ծրագիրի տակ չէ որ կ’իրականացուի:
«Աշխոյժ աշխատանք կը տարուի, ստեղծուած է աշխատանքային խումբ, կը փորձենք առաջ շարժիլ: Անիկա լրիւ նոր ոլորտ է ու դժուար է Հայաստանի մէջ, օրինակ՝ ինքնաշարժներ նախագծող մասնագէտներ գտնել: Անհրաժեշտ են նաեւ որոշ նիւթական միջոցներ: Ամենայն հաւանականութեամբ` մասնաւոր ընկերութիւններու եւ նուիրատու կազմակերպութիւններու պիտի դիմենք նիւթականի առաջարկով»,- ըսած է ան: