Շաբաթ, 14. 09. 2024

spot_img

ԼՂ Հարցով Միջազգային Հանրութիւնն ու Հայաստանը կը Խօսին Գրեթէ Նոյն Լեզուով. Սերժ Սարգսեան

Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին գծով՝ միջազգային հանրութիւնն ու Հայաստանը գրեթէ նոյն լեզուով կը խօսին: Այս մասին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան յարկին տակ յայտարարած է ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան` անդրադառնալով ղարաբաղեան հակամարտութեան:

«Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի բացառապէս խաղաղ կարգաւորումը կը մնայ մեր արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան օրակարգին առաջնագիծին վրայ: Անկախ բանակցային գործընթացին մէջ շօշափելի յառաջընթացի բացակայութենէն` մենք կրնանք արձանագրել, որ շուրջ մէկ տարուան ընդմիջումէն ետք տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու ժընեւեան հանդիպումը, որուն արդիւնքով ընդունուեցաւ համատեղ յայտարարութիւն եւ ձեռք բերուեցաւ համաձայնութիւն լարուածութեան թուլացման վերաբերեալ:

Այս հարցով միջազգային հանրութիւնն ու Հայաստանը կը խօսին գրեթէ նոյն լեզուով. ատիկա լաւագոյնս արտայայտուած է թէ՛ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահող պետութիւններու պատուիրակութիւններու ղեկավարներուն, թէ՛ ՀԱՊԿ Մինսկի գագաթնաժողովի յայտարարութիւններուն մէջ, թէ՛ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրին մէջ»,- նշած է ՀՀ նախագահը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին