Շաբաթ, 14. 09. 2024

spot_img

Երկրի Բնակչութիւնը Յունուար 1-ին Պիտի Հասնի 7,444 Միլիառ Մարդու

Մոլորակի բնակչութեան թուաքանակը Յունուար 1-ին պիտի հասնի 7 միլիառ 444 միլիոն 443 հազար 881-ի:

Այս կանխատեսմամբ Դեկտեմբեր 28-ին հանդէս եկած են Միացեալ Նահանգներու Մարդահամարի պիւրոյի մասնագէտները:

Անոնց յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ «ընթացիկ տարուան Յունուար 1-ի համեմատութեամբ Երկրի բնակիչները աւելցած են 78.5 միլիոն մարդով»: Աճը կազմած Է 1.07 տոկոս:

Կը սպասուի, որ «գալիք տարուան Յունուարին իւրաքանչիւր վայրկեան լոյս աշխարհ պիտի գայ 4.3 երեխայ, պիտի մահանայ 1.8 մարդ»:

Աւելի առաջ Պիւրոն կանխատեսած է, որ 2050 թուականին աշխարհի վրայ պիտի ըլլայ 9 միլիառ մարդ:

11-րդ դարու սկիզբը ամբողջ երկրագունդին վրայ կ’ապրէր 310 միլիոն մարդ, 1900 թուականին` 1.6 միլիառ մարդ: 6 միլիառի հասած է  1999 թուականին, իսկ 2011 թուականին 7 միլիառի: Միացեալ Նահանգներու մէջ Յունուար 1-ին բնակչութեան թիւը պիտի կազմէ 326.97 միլիոն, որ 2.3 միլիոնով աւելի է, քան անցնող տարուան Յունուար 1-ին, կը հաղորդէ ԹԱՍՍ-ը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին