Երկուշաբթի, 12. 05. 2025

spot_img

Գագիկ Ծառուկեան 100 Միլիոն Դրամ Նուիրեց Կիւմրեցիներուն

Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեան Դեկտեմբեր 28-ին այցելեց Կիւմրի՝ յարգելու համար երկրաշարժի զոհերուն յիշատակը:

Կիւմրիի մէջ Ծառուկեան յայտարարեց, որ 100 միլիոն դրամ կը նուիրէ Կիւմրեցիներուն:

«Ես կը սիրեմ Կիւմրին, կիւմրեցիները կը սիրեմ իբրեւ հիւրասէր, տեղը-տեղին, ու ես ո՛չ թէ ընտրութենէ-ընտրութիւն կու գամ, այլ կը սիրեմ այդ մարդոց սովորութիւնը, աւանդոյթը, խօսքի տէր ըլլալը: Անոր համար ես ամէն տարեվերջին կու գամ շնորհաւորելու մարդոց, զանոնք յուսադրելու եւ որոշ չափով օգնութիւն տրամադրելու: Ինչպէս ըսեմ՝ իւրաքանչիւր պետութեան հարստութիւնը սովորական ժողովուրդն է, որ մենք պէտք է ուշադրութիւն դարձնենք, թէ այդ մարդիկ մեր հարստութիւնն են, ուժն են եւ որ անոնք ալ պէտք է կարենան յոյսով, հաւատով ապրիլ, իրենց փոքրիկներուն առջեւ պարզ ճակատով ըլլալ: Գոնէ այդ ուրախ տօնը կարենան ընտանիքով նշել, որ, այո՛, թէկուզ միս ալ ըլլայ, կարագ ալ ըլլայ, այդ Նոր Տարուան օրը գոնէ յոյսով ու հաւատով ողողուած լաւ ըլլայ»,- յայտնեց Ծառուկեան:

Ան նշեց, որ ճիշդ այդ պատճառով 100 միլիոն դրամ  տրամադրած է իր գործընկերներ Վարդեւան Գրիգորեանին ու Վարդան Ղուկասեանին, որպէսզի 50 միլիոնը բաժնեն տնակներու բնակիչներուն, 50-ն ալ՝ ծանր պայմաններու մէջ գտնուողներուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին