Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան աջակցութեամբ Շուշիի մէջ բացուած է «Հեղինակային երգեր»-ու ակումբ:
Ըստ «Artsakhpress.am»-ի՝ «Հեղինակային երգեր»-ու ակումբի հիմնադիր եւ ղեկավար, երաժիշտ, կիթառահար, երգչուհի Ժուլիեթա Առուստամեան ըսած է, որ իրենք՝ իբրեւ առանձին խումբ, Արցախի մէջ հիմնադրուած են 2016 Յուլիս 1-ին: Խումբին մէջ ընդգրկուած է 12 հոգի:
«Մինչ ակումբ ունենալը` փորձերու յատուկ տեղ չունէինք: Այժմ այդ հարցը լուծուած է, եւ այդ առումով խնդիրներ չենք ունենար: Անշուշտ, նաեւ ակումբ յաճախողներուն թիւը պիտի շատնայ»,- ընդգծած է Ժ. Առուստամեան:
Խօսելով յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին` ակումբի հիմնադիրը նաեւ ըսած է, որ 2018 Յունուարին իրենք կը նախատեսեն ամանորեայ համերգ, ուր պիտի հնչեն նաեւ հեղինակային նոր երգեր:
«Եթէ մինչեւ ամրան սկիզբ հասցնենք լիարժէք փորձ ընել, պիտի մասնակցինք «Յուսոյ առագաստ» հեղինակային երգի համահայկական փառատօնին: Ի դէպ, 2016-ին ակումբի սաներէն Մարիամ Անդրէասեանը մասնակցած է փառատօնին եւ յայտնուած է լաւագոյն տասնեակին մէջ»,- նշած է Ժ. Առուստամեան: