Հայաստան 2018-ին եւրոպական շարք մը երկիրներու մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ դատապարտելու գործընթաց պիտի սկսի: «Արմէնփրէս» լրատուական գործակալութեան մամուլի սրահին մէջ լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ այս մասին յայտնած է ՀՀ Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով:
«2018-ին մենք այդ գործընթացը պիտի սկսինք եւրոպական առնուազն 2-3 երկրի մէջ: Չեմ կրնար ըսել, որ 2018-ին ատիկա միանգամայն յաջող աւարտ կ’ունենայ, բայց գործընթացը պէտք է սկսիլ»,-«Արմենփրէս»-ի հաղորդմամբ` ընդգծած է Շարմազանով:
Շարմազանով Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման առումով դրական համարած է նաեւ անցնող տարին: Ան յիշեցուցած է, որ այս տարուան Ապրիլ 24-ին Չեխիոյ խորհրդարանի պատգամաւորներու պալատը միաձայն ընդունեց բանաձեւ, որով կը դատապարտէր Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Անոր գնահատումով` սա աննախադէպ յաջողութիւն է՝ հաշուի առնելով այն, որ Չեխիոյ խորհրդարանի ղեկավարութիւնը, Չեխիան աւանդական ջերմ յարաբերութիւններ ունէին Թուրքիոյ հետ: