Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

Արցախ Հաստատուած Լիբանանահայ Ընտանիքը Նորակառոյց Առանձնատուն Ստացաւ Թուֆենկեան Հիմնադրամէն

Լիբանանէն Արցախ տեղափոխուած Վահէ Աշգարեանի ընտանիքը Դեկտեմբերի 25-ին բնակարանամուտ նշեց ազատագրուած Քաշաթաղի շրջանի Իշխանաձոր գիւղին մէջ: Առանձնատունը կառուցուած է Թուֆենկեան հիմնադրամի կողմէ` Քաշաթաղի վերաբնակեցմանն ուղղուած ծրագրի ծիրէն ներս: Ի թիւս այլ ջանքերու, այս ծրագիրը բնակարանային աջակցութիւն կը տրամադրէ Քաշաթաղի մէջ վերաբնակիլ ցանկացող սուրիահայ եւ լիբանանահայ ընտանիքներուն:

Բնակարանամուտի արարողութեան մասնակցեցան Քաշաթաղի վարչական շրջանի աշխատակազմի ղեկավար Դաւիթ Դաւթեանը, Թուֆենկեան հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Րաֆֆի Տուտագլեանը, ինչպէս նաեւ Արցախի առողջապահութեան նախարարութեան, Բերձորի հիւանդանոցի եւ Իշխանաձորի համայնքի ներկայացուցիչները:

Վահէ Աշգարեան իր 4 երեխաներուն հետ Արցախ տեղափոխուած է երկու տարի առաջ եւ նոր տուն հաստատած Իշխանաձոր գիւղին մէջ, ուր այժմ 20 սուրիահայեր եւ լիբանանահայեր կ’ապրին:

Քաշաթաղը (անցեալին` Լաչին) Արցախը Հայաստանին կապող եւ անոնք մէկ ամբողջութիւն դարձնող կենսական կամուրջն է: Ան ոչ միայն կ’երաշխաւորէ Արցախի գոյութիւնը, այլ նաեւ ռազմավարական նշանակութիւն ունի ամբողջ հայութեան անվտանգութեան եւ խաղաղութեան համար: Ազրպէյճանական 70-ամեայ տիրապետութենէն ետք պատմականօրէն հայկական շրջանը ազատագրուած է Արցախեան ազատամարտի ընթացքին եւ այժմ աշխուժօրէն կը վերաբնակեցուի: Բայց այս սահմանամերձ շրջանը մեծապէս տուժած է պատերազմէն եւ ներկայիս կանգնած է բնակարանային եւ ենթակառուցուածքային ճգնաժամի առջեւ:

Այս խնդրին արձագանգելու համար Թուֆենկեան հիմնադրամը 2008-ին փորձնական ծրագիր սկսաւ՝ վերանորոգելով Քաշաթաղի գիւղական տուները եւ պատերազմէն մնացած աւերակները արժանապատիւ կեանքի համար պիտանի տուներու վերածելով: 2008-2010 թուականներուն աւելի քան 40 շինարարական աշխատանքեր կատարուեցան այս ծրագրի ծիրէն ներս: 2010-էն ի վեր Թուֆենկեան հիմնադրամը շարունակած է այս ծրագիրը՝ կեդրոնանալով արդէն յատուկ կարիքներու, մասնաւորապէս Սուրիայէն եւ Լիբանանէն Արցախ տեղափոխուած եւ այստեղ վերաբնակեցում հաստատած հայ ընտանիքներու բնակարանային ապահովման վրայ:

Վահէ Աշգարեանը Միջին Արեւելքէն Քաշաթաղ տեղափոխուած երկրորդ վերաբնակիչն է, որուն համար 2017-ին առանձնատուն կառուցած է Թուֆենկեան հիմնադրամը: Այս տարուան Յունիսին սուրիահայ բժիշկ Հայկ Խաչօն (Խաչատրեան) եւս բնակարանամուտ նշեց նոր գիւղին մէջ:

Վահէ Աշգարեանի ընտանիքին նոր տուն տրամադրելու համար Թուֆենկեան հիմնադրամը ամբողջութեամբ վերակառուցած է պատերազմի հետեւանքով աւերակներու վերածուած տուներէն մէկը` փոխակերպելով զայն ընդարձակ, անվտանգ եւ լուսաւոր առանձնատան: Շինարարական աշխատանքները կատարուած են տեղացի մասնագէտներու կողմէ եւ տեւած մօտ 5 ամիս:

Դիմելով զինք շնորհաւորելու համար հաւաքուած հիւրերուն՝ Վահէ Աշգարեանը ըսած է. «Արցախ տեղափոխուիլը այս տոհմական տան մէջ նոր կեանք սկսիլը, ամենալաւ որոշումն էր, որ կրնայի ընդունիլ ընտանիքիս համար: Երջանիկ եմ հայրենակիցներուս կողմէ այսպիսի աջակցութիւն ստանալու համար եւ կը խոստանամ բոլոր կարողութիւններս ներդնել Արցախը ծաղկեցնելու համար»:

Վահէն հմուտ գիւղատնտես է եւ ջերմոցային տնտեսութիւններու վարման մեծ փորձ ունի: Ընտանիքի բարեկեցութեան օժանդակելու համար Թուֆենկեան հիմնադրամը Վահէին տրամադրած ջերմոց մը, որ արդիւնաւէտ շահագործման պարագային կրնայ նաեւ աշխատանքի հնարաւորութիւններ ստեղծել համագիւղացիներուն համար։

Վահէ Աշգարեանի ընտանիքին համար առանձնատան կառուցման զուգահեռ Թուֆենկեան հիմնադրամը վերանորոգած է Իշխանաձորի Բուժարանը, որուն նախապէս անդրադարձանք։

Արցախի ազատագրուած տարածքներու վերակառուցումը, վերաբնակեցումը եւ զարգացումը Թուֆենկեան հիմնադրամի գլխաւոր առաքելութիւններէն մէկն է, որուն իրականացման ուղղուած աշխատանքները շարունակական բնոյթ պիտի կրեն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին