Երեքշաբթի, 20. 05. 2025

spot_img

Ազրպէյճանը Նպաստեց, Որ 2017-ին Արցախ Այցելեն Գրեթէ Կրկնակի Շատ Զբօսաշրջիկներ․ Լափշին

«Ինծի համար հեռացող 2017-ը հեշտ չէր, քանի որ այդ տարուան գրեթէ 9 ամիսը անցուցած եմ ազրպէյճանական բանտին մէջ Արցախ այցելութիւններուս պատճառով: Ինծի բախտ վիճակուեցաւ գտնուիլ ազրպէյճանական գլաններու կեղտոտ հաշիւներու մէջ, տեղեկանալ Ալիեւիներու ընտանեկան խժդժութիւններու մասին, թռչիլ Պաքուի սուլթանի կնոջ անձնական օդանաւով եւ տեսնել, թէ ի՛նչպէս իրարու կոկորդ կը կրծեն իշխանութեան ու քարիւղային փողերու համար այդ իսլամական երկրին մէջ, անոնց ցեղապաշտութիւնն ու ատելութիւնը ոչ միայն հայ ժողովուրդի նկատմամբ (արցախեան հակամարտութեան պատճառով), այլեւ այլադաւաններու նկատմամբ ընդհանրապէս․․․ Փորձելով վախցնել ամբողջ աշխարհը` գաճաճային Ազրպէյճանը, ընդհակառակը, նպաստեց, որ 2017-ին Արցախ այցելեն գրեթէ կրկնակի աւելի զբօսաշրջիկներ, քան նախորդ տարի: Անոնց մէջ էին մերձբալթիկայէն իմ լաւ բարեկամները, որոնք ֆիլմ նկարահանած են այս հրաշալի երկրամասի, անոր մշակոյթի, ժողովուրդի, բնութեան, յուշարձաններուն մասին»: Այս մասին գրած է լրագրող Ալեքսանդր Լափշին, որ այժմ կը գտնուի Չեխիա:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին